image

Հալէպի Վիճակը` Պաշարման Օղակի Վերացումէն Ետք

Հալէպի Վիճակը` Պաշարման Օղակի Վերացումէն Ետք

Հալէպէն «Արեւելք»ի  աղբիւրները կը հաղորդեն, թէ Խանասէր-Ասրիյա  ճանապարհին բացումէն ասդին  Հալէպի իրավիճակը  նկատելի  կերպով բարելաւում  արձանագրած է:   Մեր աղբիւրը  նաեւ նշեց, որ  պաշարման օղակի  վերացումէն ի վեր   սննդեղէնի գիները  կտրուկ նահանջ արձանագրած են,    հակառակ անոր, որ  կարգ մը վաճառականներ կը փորձեն օգտուիլ  շուկային  մէջ երեւցող պահանջէն  եւ կը փորձեն նոյն բարձրութեան վրայ  պահել իրենց վաճառած ապրանքներուն  գիները:  Մեր աղբիւրը  նաեւ բացատրեց, որ  Հալէպի  հայկական  շրջաններուն մէջ  ելեքդրականութեան եւ ջուրի տագնապները կը շարունակուին:  Շրջանի բանկիչները  մէկ ամբէր ելեքդրականութիւն ստանալու համար  ստիպուած  կ'ըլլան  վճարել 1000  սուրիական թղթոսկի, իսկ ելեքդրականութիւնը  կը տրամադրուի երեկոյեան  ժամը  5-էն մինչեւ  գիշերուան 12-ը:  Նոյնը  կարելի է ըսել   ջուրի  տագնապին  մասին,  որուն հայթայթումը կ'ըլլայ   ջուր փոխադրող «սիթէրն»ներով, եւ  քաղաքացիները    1000   լիթր  խորանարդ ջուրի դիմաց կը վճարեն     2000 սուրիական թղթոսկի:    Մեր աղբիւրը,  խօսելով  ապահովական դրութեան  մասին,  յայտնեց, որ  անցող  օրերուն    հայկական շրջաններուն  դէմ հրթիռարձակումներ չեն եղած   սակայն  Հալէպի ծայրամասային հատուածներուն մէջ  թէժ  բախումներուն ձայներ կը  գրանցուին: Հայկական շրջանները   համեմատաբար  խաղաղ եւ ապահով վիճակի մը մէջ են: