image

Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու Լիբանանի կառավարութեան՝ «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու ջանքերուն

Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու Լիբանանի կառավարութեան՝ «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու ջանքերուն

Իսրայէլ պատրաստ է աջակցելու Լիբանանի կառավարութեան՝ «Հըզպալլա» շարժումը զինաթափելու ջանքերուն, յայտարարած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը։

«Լիբանանի կառավարութեան վերջերս ընդունած որոշումը՝ մինչեւ 2025 թուականի վերջը «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու ուղղութեամբ աշխատանքներ տանելու վերաբերեալ, նշանակալի զարգացում է։ Այս կարեւոր զարգացման լոյսի ներքոյ Իսրայէլը պատրաստ է աջակցելու Լիբանանին «Հըզպալլա»-ն զինաթափելու անոր ջանքերուն, եւ՝ համատեղ աշխատելու՝ երկու երկիրներու համար աւելի անվտանգ եւ կայուն ապագայի հասնելու համար: Եթէ Լիբանանի զինուած ուժերը ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլեր «Հըզնալլա»-ն զինաթափելու համար, Իսրայէլ պիտի ձեռնարկէ պատասխան միջոցներ, այդ շարքին՝ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի ներկայութեան աստիճանական կրճատում Լիբանանի մէջ», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը նշած է, որ Իսրայէլը «բարձր կը գնահատէ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած նշանակալի քայլը»։ «Այս որոշումը (Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ) հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ Լիբանանին վերականգնելու իր ինքնիշխանութիւնը, վերականգնելու պետական ​​հիմնարկները, բանակը եւ կառավարման համակարգը», - շարունակած է գերատեսչութիւնը։

«Հիմա ժամանակն է, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը առաջ շարժին համագործակցութեան ոգիով՝ կեդրոնանալով «Հըզպալլա»-ի զինաթափման եւ երկու երկիրներու մէջ կայունութեան ու բարգաւաճման խթանման ընդհանուր նպատակի վրայ», - եզրափակած է Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը։