Դէպի յաւիտենական հանգիստ ճամբորդ` Սիմոնը ունէր մեծ երազներ, որոնք ճակատագրի վատ խաղերուն հետեւանքով մնացին կիսատ...
Մեծ մխիթարութեան կարիք ունին Սիմոնի ընտանեկան պարագաներն, ընկերներն ու բոլոր զինք ճանչցողները, որոնց համար այս կորուստը անդարմանալի վիշտ պատճառեց։
Հոգիին լոյս մաղթելով մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալ Սիմոն Սէֆիլեանի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի անոր հօր՝ Թորոս Սէֆիլեանին ու հօրեղբօր՝ Ժիրայր Սէֆիլեանին։
Աստուած հոգին լուսաւորէ։
Այսօր՝ հինգշաբթի Պէյրութի մէջ վերջին հրաժեշտ պիտի տրուի երիտասարդ Սիմոն Թ. Սէֆիլեանին։
Սիմոնի տխուր պատահարի մը զոհ երթալուն մասին գրած էինք աւելի վաղ։
Կը նշուի, որ յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Պուրճ Համուտի Նորաշէն շրջանի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ ալ հանգուցեալի մարմինը պիտի տեղափոխուի Ֆըրն Շըպէքի Ազգային գերեզմանատուն եւ ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ։
Շրջապատին կողմէ սիրուած, եռանդուն Սիմոնը 36 տարեկան էր։ Մասնակից՝ տարբեր գործունէութիւններու, ան վերջին շրջանին կը գործէր համակարգչային ոլորտին մէջ։
Երկար ժամանակներով ապրած էր Հայաստանի մէջ եւ մասնակցած հայրենի քաղաքական- ընկերային կեանքի տարբեր փուլերուն եւ ելեւէջներուն։
Սիմոնի համար առանցքային եղած է Հայաստանի դերը, եւ ինչպէս իւրաքանչիւր նուիրեալ հայ ան ալ տագնապած է հայրենիքի խնդիրներով եւ փորձած մասնակից դառնալ հայրենի կեանքի ուղենշային զարգացումներուն։
Իւրաքանչիւր երիտասարդ կորուստի առջեւ մեր սրտերը նոյնպէս կը ցաւին, քանզի բոլորիս համար պարզ ու յստակ է, որ մեր ժողովուրդի իրական ապագան եւ այդ ապագայի լուսեղէն յոյսը մեր երիտասրդներն են...։
Դէպի յաւիտենական հանգիստ ճամբորդ՝ Սիմոնը ունէր մեծ երազներ, որոնք ճակատագրի վատ խաղերուն հետեւանքով մնացին կիսատ...