image

Լիբանանահայ Դոկտ. Սահակ Անտէքեան նախագահ Թրամփի «Խորհրդատուներու խորհուրդ»ի անդամ

Լիբանանահայ Դոկտ. Սահակ Անտէքեան նախագահ Թրամփի «Խորհրդատուներու խորհուրդ»ի անդամ

Արմատներով Լիբանանի Զահլէ բնակավայրէն եւ վերջին տարիներուն ԱՄՆ-ի «Աթլանթա» քաղաքը հաստատուածԴոկտ. Սահակ Անտէքեան օրերս անդամ դարձած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Խորհրդատուներու խորհուրդ»ին։

Գաղտնիք չէ անշուշտ, որ ի տարբերութիւն այլ գործիչներու Թրամփ ունի յստակ ուղղուածութիւն մը նախ համագործացելու եւ ապա յանձնարարութիւններ տալու յատկապէս այն ամերիկացիներուն, որոնց հետ կը պաշտպանէ տարբերմակարդակի յարաբերութիւններ։

 Նեղ  օղակի բարեկամութիւններէն անդին, յստակ է նաեւ, որտրուած յանձնառութիւնըկունենայ քաղաքական յստակ ուղղուածութիւն, որուն մէջ ալ շեշտուած է Ամերիկայի թիւ մէկ գործիչին հետ պարզ ծանօթութիւնէն, մինչեւ սերտ բարեկամութիւն մշակելու դրոյթները։ 

Այս գործելաոճըԹրամփ կը կիրառէ արտաքին քաղաքականութեան պարագային, ուր բարձր յանձնարարութիւններ կը տրուին յատկապէս այն անհատներուն, որոնք մաս կը կազմեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Խորհրդատուներու խորհուրդ»ին։

 Վերադառնալով Դոկտ. Սահակ Անտէքեան, ապա անշուշտ յուսալի է, որ վերջինս կը կարողանայ իր ամբողջական ներուժը ի սպաս դնել հայկական օրակարգերուն եւ յատկապէս Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն առընթեր։

 

 Լիարժէք յաջողութիւն կը մաղթենք մեր հայրենակիցին։