image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքական տեսլականը

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է ՀՀ արտաքին քաղաքական տեսլականը

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը Հայաստանի դեսպաններուն ներկայացուցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման միջոցով ընձեռնուող հնարաւորութիւնները, միջազգային կապուղիներու ընդլայնուող ցանցին ՀՀ արդիւնաւէտ ներգրաւուածութեան ապահովման ուղղուած ջանքերը եւ այդ նպատակով Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եռակողմ հռչակագրի կեանքի կոչման ուղղութեամբ առաջիկայ աշխատանքները։ Այս մասին յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Կապանի մէջ դեսպանաժողովի ժամանակ Միրզոյեան անդրադարձած է օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներու շնորհիւ ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն։

Անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան նախաստորագրուած համաձայնագրին՝ Արարատ Միրզոյեանն ընդգծած է հաստատուած խաղաղութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ տարածաշրջանի համար, ներկայացուցած այս նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ ՀՀ արտաքին քաղաքական տեսլականը, ձեւաւորուած նոր հնարաւորութիւններն ու ատոնց իրացման նպատակով իրականացուելիք աշխատանքները։

Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ ՀՀ արտաքին քաղաքական տեսլականը, ձեւաւորուած նոր հնարաւորութիւններն ու ատոնց իրացման նպատակով իրականացուելիք աշխատանքները։

Նախարար Միրզոյեանն ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան օրակարգի շարունակական կեանքի կոչումը եւ ՀՀ քաղաքացիներու համար կայուն, անվտանգ ու բարեկեցիկ միջավայրի ապահովումը կը հանդիսանայ ՀՀ կառավարութեան, այդ շարքին՝ դիւանագիտական ծառայութեան առաջնային նպատակ։

Անդրադառնալով արձանագրուած յաջողութիւններուն՝ միտքեր փոխանակուած են տարբեր ուղղութիւններով այդ շարքին նաեւ ռազմավարական գործընկերութիւններու հետագայ զարգացման ուղղութեամբ ընթացող աշխատանքներու շուրջ։