Պո-Արաքս մշակութային միութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ թէ այս տարի կը լրանայ Վենետիկի Հայ լեզուի ու մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքներուն 40-ամեակը։
Դասընթացքը, որ ամէն տարի կը կազմակերպուի Օգոստոսին՝ Պո-Արաքս մշակութային միութեան կողմէ, սկսած էր 1986-ի Օգոստոսէն, նախ՝ Քա Ֆոսկարի համալսարանին հովանաւորութեամբ մինչեւ 2015 եւ ապա՝ Վենետիկի Պատրիարքութեան Մարչանում հիմնարկին ասպնջականութեամբ։
2025-ի Ամառնային խտացեալ դասընթացքի օրերուն կատարուած է ակադեմական ոգեկոչումը անցեալ երեսուն եւ ինը դասընթացքներուն (2020-ին Քովիտի բերմամբ տեղի չէ ունեցած)։
14 Օգոստոսին իբրեւ գլխաւոր բանախօս հանդէս եկած է Օքսֆորտի համալսարանէն՝ Փրօֆ. Թէօ Ֆան Լինթը՝ անգլերէն լեզուով, իսկ 16 Օգոստոսին՝ Երեւանէն Փրօֆ. Սուրէն Դանիէլեանը՝ հայերէնով։
Մաէսթրօ Արամ Իփէքճեանի տուտուկի նուագը ընկերակցած է հանդիսութիւններուն։