Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի կ՚ունենայ հոգեւոր լսարան, հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Տնօրինութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, իւրաքանչիւր Երեքշաբթի, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եկեղեցական արարողութենէն ետք տեղի կ՚ունենայ հոգեւոր լսարան, հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ։
Արդարեւ, Երեքշաբթի, 15 Յուլիս 2025-ին, հոգեւոր լսարանի խորհրդածութեան նիւթը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, խօսելով համբերութեան, տոկունութեան եւ յոյսի մասին։