Հալէպի Հըլլոք արուարձանի, ապա Սիւլէյմանիէ թաղամասի մէջ կայք հաստատած, եդեսիացի Գրիգոր Թիւթիւնճեանի եւ տիգրանակերտցի Նազելի Նաճարեանի ընտանիքը լոյս աշխարհ պիտի բերէր երեք մանչեր` Անդրանիկ` 1923-ին, Ճորճ` 1930-ին եւ Յակոբճան` 1934-ին, ծանօթ` Ճանօ անունով:
Գրիգոր հայրիկի երաժշտութեան հանդէպ սէրն ու երգի շնորհքը պիտի ծաղկէր իր երեք մանչերուն մէջ, հայր եւ որդիք ընտանեկան հանդիպումներու, ճոխացնող հաւաքոյթներու փնտռուած ներկայութիւն էին: Շուտով Անդրանիկը ճմպուշ-ուտի, Ճորճը ջութակ-կիթառի ու Ճանոն ձեռնադաշնակի եւ հարուածային գործիքներ նուագելու վարժողութեան մասնաւոր դասընթացքներու պիտի հետեւէին: Երաժշտական տարրական գիտելիքներու եւ նուագարաններու գործածութեան տիրապետումով առաւել պիտի հարստանային արուեստասէր այս ընտանիքին կատարումները: Աստուած տուած էր երգելու եւ նուագելու շնորհքը, եւ իրենք լաւագոյնս կը դրսեւորէին զանոնք:
Թիւթիւնճեան եղբայրներուն համար սկսած էին նեղ գալ տան պատերը, բարեկամներու քաջալերանքով եւ իրենց հօր օրհնութեամբ, սիրողականէն անցնելով արհեստավարժութեան, իւրաքանչիւրը իր սեփական աշխատանքը պահելով, միասնաբար կազմեցին այդ օրերուն հանրային պահանջին համապատասխանող հայկական նուագախումբ մը եւ սկսան, ընտանեկան առիթներէն անդին, Հալէպի հանրածանօթ խրախճանային սրահներուն եւ ճաշարաններուն մէջ իրականացուող երեկոյթներուն երգել եւ նուագել` ստեղծելով հայկական տոհմիկ խրախճանային մթնոլորտ:
1958-68-ին Հալէպի հանրայայտ «Նետի Սաատ»-ի, ամառնային «Մունշիէ» ճաշարանին, ապա` 1970-83 «Գաբրի» ճաշարանին մէջ ընտանեկան համոյթ մը ձեւաւորուած էր, որ յաջորդող տասնամեակին իրողապէս նշանակալից մասնակցութիւն պիտի ունենար Միջին Արեւելքի երկնակամարը շէնշող հայ երգի արուեստագէտներու հոյլին հետ` հայկական միջավայրէն օտարալեզու երգի ծուէնները վանելու գործին: Պիտի կծկուէր թրքերէնը եւ ծաղկէր հայ երգը հիւրընկալ երկիրներու երկնակամարին տակ:
Հակառակ 1960-ականներուն Սուրիոյ մէջ ստեղծուած որոշ դժուարութիւններուն, Ճորճն ու եղբայրները ազգային ինքնութեան պահպանման դէմ ծառացող սեղմումները դիմագրաւելով, շարունակեցին բարձրաձայնել հայ ազգային եւ յեղափոխական երգը` խանդավառ պահելով ժողովրդային զանգուածները:
Թիւթիւնճեաններուն համար նշանակալից պիտի ըլլար 1970-ին Ուրֆայի հայրենակցական միութեան կողմէ Պէյրութի մէջ ելոյթ ունենալու իրենց ուղղուած հրաւէրը, որուն ընդառաջած էին: Ձեռնարկը ոչ միայն կայացաւ մեծ յաջողութեամբ, այլեւ Ճորճ Թիւթիւնճեանին տուաւ հանրաճանաչութիւն Հայաշխարհի չորս ծագերուն:
Հալէպէն դուրս գալով, պէյրութահայութեան ճաշակին նաեւ համընկնած այս ելոյթէն հազիւ տարի մը ետք, հակառակ լիբանանեան քաղաքացիական տագնապին, ժողովրդային պահանջին ընդառաջ, Ճորճն ու եղբայրները յատուկ հրաւէրով կրկին ուղեւորուեցան Պէյրութ` յեղափոխական երգերու յայտագիրով ելոյթ ունենալու: Երգահանդէսը տեղի ունեցաւ «Գերմանիկ» սրահին մէջ` շռնթալից յաջողութեամբ: Անոնք լիբանանեան տագնապի տարիներուն հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան յանձնառու տղոց ձօնեցին «Լիբանանցի քաջ տղայ» երգը:
Խումբը Հալէպ չվերադարձած, այդ օրերու ձայնագրողները (տիսքոթեքները) արդէն քաղաքը ողողած էին Ճորճ Թիւթիւնճեանի յեղափոխական երգերու ձայնագրութեան երիզներով։
Ծնած էր յեղափոխական երգերու խրոխտ մեկնաբան Ճորճ Թիւթիւնճեանը: Թիւթիւնճեան եղբայրներուն բեմական ելոյթներուն ՀՄԸՄ-ի փողերախումբէն եղբայր Տիգրան Ժամկոչեան կը միանար թրոմփեթով, որ իր նուագակցութեամբ ռազմական ոգեշնչող երանգ կու տար Ճորճի կատարումներուն: Յեղափոխական երգերու իմացութիւնն ու ճաշակը Ճորճը ստացած էր ՀՄԸՄ-ի շարքերէն, որուն անդամակցած էր պատանեկան տարիներէն: Միութեան հանդէպ իր երախտագիտութիւնը 1974-ին պիտի արտայայտէր. Հալէպի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին յաջողութիւնները դրուատող իւրայատուկ երգով մը` «ՀՄԸՄ պանծալի», խօսք` Վիգէն Մարաշլեանի:
ՀՄԸՄ Պանծալի
1- ՀՄԸՄ պանծալի, կեցցէ միշտ ապրի,
Կերտէ մարդիկ պատանի, ազգը միշտ փայլի,
Կրկներգ:
Դուք սիրած մեր թիմն էք, կեցցէ՛ք անսասան,
Դուք սիրած մեր թիմն էք, մենք ձեզի ղուրպան:
2- Վահէ, Վաչէ, Վարուժան. հրթիռ Թովմասեան,
Կարօ աջիդ քո կողքին, ձախիդ Սերոբ ջան:
Կրկներգ:
Դուք սիրած մեր թիմն էք, կեցցէք անսասան,
Դուք սիրած մեր թիմն էք, մենք ձեզի ղուրպան…
Ճորճ Թիւթիւնճեան յեղափոխական երգի խրոխտ մեկնաբանութեամբ ելոյթներ ունեցած է` Յորդանան, Քուէյթ, Եգիպտոս, Յունաստան, Անգլիա, Ֆրանսա եւ Աւստրալիա:
Պէտք է արձանագրել, որ խումբի կատարումներու կարգաւորումն ու երգերու ձայնանիշներու արձանագրութիւնները կատարած էր ընտանիքի կրտսերագոյն անդամը:
Շուրջ երեք տասնամեակներ առաւելաբար յեղափոխական երգերով հայաշխարհը խանդավառած Թիւթիւնճեան եղբայրներու խումբը իրողապէս դադրած է գոյութենէ մենակատարի Քանատա գաղթով, 1986-ին: Թիւթիւնճեան ընտանիքի երգեցողութեան աւանդոյթը շարունակած են Ճորճին եւ Ճանոյին որդիները, մեծ հայր Գրիգորի երկու Գրիգոր թոռները, ուր որ ալ կայք հաստատած են:
Հայ երգարուեստի բեմին միշտ ալ եղած են եւ կան յեղափոխական երգի արժանաւոր մենակատարներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր իւրայատկութիւնը: Բանասէր երաժիշտը շատ դիւրութեամբ կրնայ ժամանակի ընթացքին, սկզբնական բնօրինակին կպած յաւելեալ խաղիկներէն զերծ իր հնչեղութեամբ գտնել զուլալ յեղափոխական երգը Ճորճի կատարումներուն մէջ: Յեղափոխական երգի Ճորճ Թիւթիւնճեան բնօրինակը տակաւին շատեր կը յիշեն :
Ճորճ Թիւթիւնճեանի յեղափոխական երգերու մեկնաբանութիւնը իր ժամանակակից սերունդին, բայց յատկապէս պատանիներուն համար եղաւ ուսուցման միջոց: Ճորճի կատարումները հոգեկան վայելք էին ինծի եւ տասնեակ մը սերնդակիցներուս, երբ ակումբ համախմբուած` մտիկ կ՛ընէինք զինք ձայնագրիչէն: Լսումներէն ետք կը փութայինք գրադարան` երգին առնչուած դէմքին կամ դէպքին մասին պրպտելու Աւոյի «Յեղափոխական ալպոմ»-ի էջերը, կարդալով եւ մեր պատանեկան ներաշխարհը լիցքաւորած, երգն ալ սորված` դուրս կու գայինք ակումբէն:
– «Սոսկումն ահաւոր» – Սուլուխի կռիւը – Գէորգ Չաւուշ,
– «Գնդակ որոտաց նոյեմբեր ամսուն» – Սերոբ-Սօսէ Մայրիկ,
– «Գարահիսար»,
– «Երբ ալեկոծ ծովու վրայ» – Սարգիս Կուկունեանի յիշատակին,
– «Ձայն տուր, ո՛վ ֆետայ»:
Յեղափոխական երգը կրկնակի արժէք է, որովհետեւ թէ՛ երաժշտութիւն եւ թէ՛ պատմութիւն է: Յեղափոխական երգը ազգային ազատագրական պայքարի երաժշտականացուած պատմումն է:
Յեղափոխական երգը այսօր ալ ինքնութեան զրահ է եւ պայքարի ներշնչարան, ծնունդ կ՛առնէ հաւաքական կեանքի տուայտանքներէն եւ հերոսներու սխրանքներէն:
Մինչ այս տողերը կը յանձնեմ համակարգիչին, ձայնահոլովակէն այնքան հարազատ կը հնչէ Ճորճին ձայնը, «Ա՜խ, հայրենիք, ե՞րբ պիտի տեսնեմ քեզի լաւ»:
Ներաշխարհի մը աղաղակն է հարազատ, հարցում չէ, այլ` բաղձանք:
Գրիգոր Տունկեան
«Ազդակ»