Ուքրանիան, որ երեք տարիէ աւելի կը դիմակայէ Ռուսիոյ ռազմական ներխուժումը, պիտի կարենայ շարունակել յոյսը դնել Գերմանիոյ վրայ։ Այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Գերմանիոյ փոխվարչապետ եւ ելեւմուտի նախարար՝ Լարս Քլինկպէյլը, երկուշաբթի՝ օգոստոս 25-ին, անակնկալ այցոց Քիեւ ժամանելէ ետք։ Այս մասին կը տեղեկացնէ DW լրատուական գործակալութիւնը։
«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը պէտք չէ պատրանքներ ունենայ, որ մեր աջակցութիւնը Ուքրանիոյ կրնայ նուազիլ։ Պերլինը կը մնայ Ուքրանիոյ երկրորդ ամենամեծ աջակիցը աշխարհի մէջ եւ ամենամեծը՝ Եւրոպայի մէջ», – աւելցուցած է ան։
«Երեքուկէս տարի շարունակ անսահման տառապանքներ, մահ եւ աւերածութիւններ տիրած են Ուքրանիոյ մէջ», – նշած է Լարս Քլինկպէյլը՝ ընդգծելով, որ երկիրը այս ամբողջ ընթացքին «քաջաբար եւ վճռականօրէն» դիմադրած է յարձակումներուն։
«Ոչ ոք խաղաղութեան այդքան կը ձգտի, որքան ուքրանացիները», – ըսած է Գերմանիոյ փոխվարչապետը, աւելցնելով, որ խաղաղութեան բանակցութիւնները «չի կրնար վարուիլ ուքրանական ժողովուրդի հաշուոյն»։