image

Սուրիա. Պիտի կազմուի յետ-Ասատեան շրջանի առաջին Խորհրդարանը

Սուրիա. Պիտի  կազմուի յետ-Ասատեան շրջանի առաջին Խորհրդարանը

 Առաջին անգամ ըլլալով (յետ Ասատեան շրջանին) Սուրիան պիտի կազմէ նոր խորհրդարան մը 

 

Ինչ մեթոտներով պիտի կայացուին ընտրութիւնները։ Կարեւորագոյն փուլ մը պիտի մտնէ Սուրիոյ արաբական հանրապետութիւնը, որովհետեւ յետ-Ասատեան շրջանին երկիրը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կազմէ նոր խորհրդարան։

«Մաճլէս շահպ»ի (Ազգային Ժողովի) այս ընտրութիւնները, որոնց նախաապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են, պիտի չըլլան «աւանդական» եւ բոլորիս յայտնի ուղղակի ընտրութիւններով, այլ հաշուի առնելով երկրի ընդհանուր դրութիւնը իշխանութիւնները որոշած են ընտրութիւնները կայացնել անուղղակի  ձեւաչափով պահպանելով ժողովուրդի կամքն ու նախընտրութիւնը առաւելագոյնս պահպանելու ընդհանուր սկզբունքները։ 

 Ստորեւ «Արեւելք»ի հետեւորդներուն կը ներկայացնենք ընտրական գործընթացին մասին տեղեկագրական հակիրճ նիւթ մը, զոր քաղած են սուրիական աղբիւրներէ։

 Սուրիոյ Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու գերագոյն յանձնաժողովի հրապարակած համապարփակ ծրագիր

Ենթաժողովներու կազմաւորման գործընթացը կը սկսի 23 Օգոստոս 

Ժողովրդական ժողովի ընտրութիւններու գերագոյն յանձնաժողովը յայտարարեց, որ մշակուած է համապարփակ ծրագիր մը՝ բոլոր նահանգներուն մէջ ընտրական ենթաժողովներու կազմաւորման համար։ Այս նպատակով վարչական ընդհանուր կարգադրութիւն մը տրուեցաւ, որ կը պարունակէ նոր մեխանիզմին գործադրական ցուցմունքները։

Յանձնաժողովը իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ ցուցմունքներուն հիմնական նպատակն է ապահովել թափանցիկութիւն եւ արդար կազմակերպում ընտրական շրջաններէն ներս։ Անոնք կը ներառեն յստակ չափանիշներ՝ ենթաժողովներու անդամներու ընտրութեան համար, ինչպէս նաեւ պարտականութիւններու ճշգրիտ բաշխում, որպէսզի ընտրական գործընթացը կատարուի ամենաբարձր մակարդակով։

Ժամկէտներու ճշգրիտ սահմանում

Ըստ հրապարակուած կարգադրութեան՝

• Ենթաժողովներու թեկնածութիւններու ընդունումը պիտի սկսի 23 Օգոստոսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 25 Օգոստոս 2025։

• Յանձնաժողովներու նախնական ցուցակները պիտի հրապարակուին 26 Օգոստոսին։

• Թեկնածուներու հարցազրոյցները տեղի պիտի ունենան 27 եւ 28 Օգոստոսին։

• Առարկութիւնները պիտի քննուին 29 եւ 30 Օգոստոսին։

• Վերջնական ցուցակները պիտի հրապարակուին 31 Օգոստոս 2025-ին։

Ենթաժողովները իրենց գործունէութիւնը պիտի սկսին 1 Սեպտեմբերին, որու մէջ կը մտնեն թեկնածութիւններու ընդունում, քուէներու հաշուարկ եւ ամբողջական կառավարում՝ ըստ օրէնքներու պահանջներուն։

Թափանցիկութեան եւ վստահութեան ամրապնդում

Յանձնաժողովը յայտարարեց, որ այս քայլերը նպատակ ունին ամրապնդելու ազնուութեան եւ օրէնքի գործադրութեան չափանիշները, ապահովելու հասարակութեան վստահութիւնը ընտրական գործընթացի հանդէպ եւ պահպանելու թափանցիկութիւնը իւրաքանչիւր փուլին մէջ։

Յետաձգում երեք նահանգներու մէջ

 Սուրիոյ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու գերագոյն յանձնաժողովը նաեւ որոշեց յետաձգել ընտրական գործընթացը Սուայտա, Հասաքէ եւ Ռաքքա նահանգներուն մէջ՝ այդ շրջաններուն մէջ առկայ ապահովական դժուարութիւններուն պատճառով։

Յանձնաժողովի մամլոյ խօսնակ դոկտ. Նաուար Նըժմէ Սուրիոյ պետական ալիքին տրուած իր հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ այս որոշումը կը բխի յանձնաժողովին մտահոգութենէն՝ ապահովելու արդար ներկայացուցչութիւն Ազգային ժողովին մէջ։ Ան շեշտեց, որ երեք նահանգներուն վերապահուած մանտադները պիտի պահպանուին մինչեւ ընտրութիւններու իրականացման ժամանակը։