image

Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ հակառակ հրդեհներուն Քեսապի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը

 Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ հակառակ հրդեհներուն Քեսապի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը

Հակառակ հրդեհներուն. Քեսապի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը 

Հակառակ անցնող օրերուն Քեսապի մէջ ստեղծուած բարդ վիճակներուն (հրդեհներուն) շաբաթավերջին Քեսապի մէջ նշուեցաւ Սուրբ Աստուածածնի տօնը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին, Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնը հանդիսաւորապէս յիշատակուեցաւ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով եւ խաղողօրհնէքի արարողութեամբ, հաւատացեալներու հոգեկան ցնծութեամբ եւ ներկայութեամբ։ 

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ 

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը 14 սրբապատկերներու օծումը կատարեց, այնուհետեւ, իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը նախ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ զօրացուց քեսապահայ երիտասարդները՝ դէմ դնելու եւ առաջքը առնելու անցնող օրերուն պատահած հրդեհին։

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տաղաւար տօնը անմիջականօրէն կ՚առնչուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փրկագործական կեանքին եւ ապացոյցն է Քրիստոսի տուած հետեւեալ խոստումին. «Ով որ ինծի կը հաւատայ՝ թէպէտեւ մեռնի պիտի ապրի», նաեւ «Ան որ ողջ է եւ ինծի կը հաւատայ՝ բնաւ պիտի չմեռնի»։ Այս խոստումին մէջ երկու իմաստներ թաքնուած են՝

ա) Ան որ անհաւատութենէ հաւատքի կու գայ՝ կեանքի կը կոչուի։

բ) Հաւատացեալները, այլ խօսքով Քրիստոսով ծնած եւ Անոր յարութեան զօրութեամբ լեցուած հաւատացեալները՝ չեն մեռնիր եւ երկրորդ մահը ազդեցութիւն չ՚ունենար անոնց վրայ։ Աւելին, Քրիստոս խոստացաւ թէ՛ իր մօրը եւ թէ հաւատացեալներուն՝ վերստին գալ եւ մեզ իր մօտ տանիլ։

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Մարիամ Աստուածածինի առաքինի վարքին եւ Աստուծոյ կամքին կատարեալ հնազանդութեան, որուն համար արժանացաւ «Աստուածածին», «Աստուածամայր» եւ շատ մը այլ կոչումներու։ Ան հրաւիրեց հաւատացեալները Աստուածամօր օրինակին եւ տիպարին նայելով առաքինի կեանք ապրելու՝ դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջ քրիստոնէական հաւատքը մինչեւ վերջ պահելով եւ զիրար քաջալերելով։

Սրբազան Հայրը հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնն ու պաշտպանութիւնը, որպէսզի կարենանք աստուածահաճ կեանք ապրիլ։ 

Այս առիթով, Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Մարիամ Աստուածածինի անուան հետ առնչուող անուններ կրողները։ Ան գնահատեց Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տ. Եսայի վրդ. Էօրտէքեանը, թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ բոլոր բարերարները, որոնք եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ խաղողօրհնութեան համար իրենց ներդրումը բերին։ Ան մեծապէս գնահատեց հերոս երիտասարդները, որոնք իրենց կեանքերը վտանգելով դէմ դրին անցնող օրերու հրդեհին եւ կարողացան շիջանել կրակը։

Վերջապէս, ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Քեսապահայութեան հետ ըլլալուն համար եւ աղօթեց հիւանդներուն եւ զանազան պարագաներու մէջ գտնուողներուն համար։

Պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի փողերախումբին նուագակցութեամբ եւ տարազաւոր սկաուտներու ներկայութեամբ: 

Հայր Սուրբը երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իր հայրական քաջալերող ներկայութեան եւ զօրակցութեան համար, ապա ընթերցելով բոլոր բարերարներուն անունները, աղօթեց, որ Ամենակալը իր երկնառաք օրհնութիւններով ողողէ անոնց կեանքերը։