Սիրելի ընկերներ, կ՚ուզեմ պատմել այս կնոջ մասին։ Լիբանանահայ է։ Տարիներ առաջ Պէյրութի մեծ պայթումի ատեն պայթած է իր տունը, եւ ինք ալ պատուհանէն ինկած է։ Կորսնցուցած է ամէն ինչ։ Հարազատ չունի․ որբ մեծցած է չէ ամուսնացած։ Տան փոխհատուցումով ստացած գումարով որոշած է Հայաստան գալ ու այստեղ հաստատուիլ։ Տուն վարձած է եւ որոշ ժամանակ բնական կեանք վարած, մինչեւ որ յայտնաբերուած է փղախտ՝ ծանր հիվանդութիւն մը։ Հիւանդութենէն ետք դարձած է անաշխատունակ, ունեցած գումարները սպառած է դարձած է անտուն։
Պէյրութէն Երեւան փոխադրուած հայուհին անտուն է․ Ան կարիքը ունի բոլորիս օգնութեան
Պէյրութի պայթումէն ետք Երեւան տեղափոխուած հայուհին այսօր կը գտնուի դժուար վիճակի մէջ եւ կը կարօտի անմիջական օգնութեան։
Առողջական լուրջ խնդիրներու, անգործութեան եւ չքաւորութեան պատճառով ան այժմ անտուն է ու կը փնտռէ ապահով ծածկ մը, որէն ետք կարելի պիտի ըլլայ լուծել մնացեալ հարցերը։
Այս մասին իր էջին մէջ գրած է հասարակական գործիչ Ովսաննա Յովսէփեան․
«Սիրելի ընկերներ, կ՚ուզեմ պատմել այս կնոջ մասին։ Լիբանանահայ է։ Տարիներ առաջ Պէյրութի մեծ պայթումի ատեն պայթած է իր տունը, եւ ինք ալ պատուհանէն ինկած է։ Կորսնցուցած է ամէն ինչ։ Հարազատ չունի․ որբ մեծցած է չէ ամուսնացած։ Տան փոխհատուցումով ստացած գումարով որոշած է Հայաստան գալ ու այստեղ հաստատուիլ։ Տուն վարձած է եւ որոշ ժամանակ բնական կեանք վարած, մինչեւ որ յայտնաբերուած է փղախտ՝ ծանր հիվանդութիւն մը։ Հիւանդութենէն ետք դարձած է անաշխատունակ, ունեցած գումարները սպառած է դարձած է անտուն։
Ան այսօր շուրջ 50 տարեկան է։ Ծերանոց չի կրնար երթալ։ Իր գտնուած տեղէն ալ չի կրնար հեռանալ կամ դեղագործի այցելել, քանի որ իր հետ ունի տասնեակ տոպրակներ (որոնց մէջ իրեր են)։
Կիրթ կին է, կը խօսի 6 լեզուներով։
Այժմ դուրսը կը գիշերէ։ Բայց ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ ցուրտերը հասնին։ Գումար չի խնդրեր (թէեւ չունի ու յաճախ սոված կը մնայ դրամի պակասին պատճառով)։ Միայն կ՚ըսէ․ «Եթէ մէկ «ավտոտնակ» կամ նկուղ ունենայի, իրերս կը պահէի ու կը կարողանայի բժշկի երթալ»։ Այլապէս երբ իրերը կը ձգէ, ուրիշ անտուններ կը գողնան զանոնք։
Եթէ ունիք դատարկ անկիւն մը, ուր կինն իր իրերը կրնայ թողել ու ազատօրէն բժշկի այցելել մեծ օգնութիւն պիտի ըլլայ։ Կարելի է նաեւ Հրապարակի մետրոյի մօտ անցնիեով անոր սնունդ տալ կամ դրամով օգնել։
Հեռախօսահամարը՝ 094 766877։ Սակայն յաճախ անհասանելի է, որովհետեւ չի կրնար մշտապէս լիցքաւորել։ Ուրեմն եթէ չպատասխանէ, օրուան ընթացքին դարձեալ փորձեցէք»։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը