image

Հալէպ. Վերջին հրաժեշտ Հնչակեան նուիրեալ գործիչ Հրաչ Գէորգեանին (Լուսանկար)

   Հալէպ. Վերջին հրաժեշտ  Հնչակեան նուիրեալ գործիչ Հրաչ Գէորգեանին (Լուսանկար)

Օրերս Հալէպի մէջ ի ներկայութիւն ընտանեկան պարագաներու, հարազատներու եւ գաղափարի ընկերներու վերջին հրաժեշտ տրուած է ՍԴՀԿ նուիրեալ գործիչ՝ Հրաչ Գէորգեանին։

Ստորեւ «Արեւելք»ի խմբագրութեան յղուած  այդ մասին  հրապարակուած լրատւութիւնը՝

Այսօր Շաբաթ 2 Յուլիս 2025-ին տեղի ունեցաւ ընկեր Հրաչ Գէորգեանի յուղարկաւորութիւնը։ Ընկեր Հրաչ վերջին հրաժեշտ մը տուաւ իր սիրելի ակումբին մէջ։ Ներկայ էին ընկերոջ ընտանիքը, Վարիչ Մարմինի անդամները, միութենական բոլոր խումբերը, ճեմարանի տնօրէնութիւնը եւ պաշտօնեաները, բազմաթիւ անդամներ, բարեկամներ եւ հիւրեր։ Մարմինը պարուրուեցաւ ՍԴՀԿ-ի դրօշով, կարդացուեցան սրտի խօսքեր ընկեր Վարուժ Սիւլահեանի եւ Տիկին Մարալ Քիւփելեանի կողմէ։ Հնչեցին աղօթքներ կրօնական այրերու կողմէ։ ՀՄՄ-ի փողերախումբը նուագեց մահանուագը եւ հնչակեան հայրենասիրական երգեր։

Ապա յուղարկաւորական երթաշարը եկաւ եկեղեցւոյ փողոցը, մարմինը քալելով ՀՄՄ-ական եւ Տխրունիական տղաքը ուսամբարձ տարին մինչեւ եկեղեցւոյ մէջ։ Սգաերթին մաս կազմեցին ընկեր Հրաչին ընտանիքը, ընկերները, բարեկամներ եւ հիւրեր։

Յետյուղարկաւորական ժամին ողբացեալին ընտանիքը ցաւակցութիւններ ընդունեց եկեղեցւոյ ներքնասրահը, Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկեր Հրանդ Աթթարեան կարդաց դամբանականը, նաեւ արաբերէնով Պրն. Ճորճ Կարապետեան, եւ հոգաբարձութեան խօսքը` բժշ. Յովիկ Աթոքեան։ Վերջաւորութեան խօսք առաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերաշնորհ Մակար սրբազան արք. Աշգարեան։ Ապա ներկաները հրաւիրուեցան հոգեճաշի։

Ստորեւ նկարներ այս տխուր եղելութենէն, ընդառաջելով հեռու գտնուող ընկերներու փափաքին, վերջին հայեացք մը նետելու իրենց սիրելի ընկերոջ վրայ։