Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը (ՍԴՈւ) Ռաքքա նահանգին մէջ պարետային ժամ սահմանած են։ Այս մասին կը հաղորդած է Al-Amssar կայքը։
Յայտարարութեան համաձայն՝ քրտական ուժերը «մասնակի պարետային ժամ» սահմանած են 00:00-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00-ը, որ ուժի մէջ մտած է շրջաբերականի հրապարակման օրուընէ՝ մինչեւ հետագայ ծանուցում։ Պարետային ժամը սահմանուած է զինուած խմբաւորումներու կողմէ յարձակումներու սպառնալիքի պատճառով։
Տեղեկութիւններ կը հաղորդուին, որ քրտական ուժերը՝ անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով, ռազմական ուժեր ուղարկած են Ռաքքա, ալ-Սաուրա, ալ-Մանսուրա եւ ալ-Քարամա բնակավայրերու մէջ գտնուող իրենց շտաբերուն։
Քրտական ուժերը օգոստոս 24-ին ետ մղած են Տէյր ալ-Զօր նահանգի արեւմուտքը գտնուող ալ-Ճնենա բնակավայրին մէջ գտնուող իրենց հրամանատարական կէտի վրայ յարձակումը։ Անոնք այս յարձակումը վերագրած են կառավարական բանակի կողմէ աջակցուող խումբաւորումներուն։
Մարտ 10-ին Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարհ եւ քրտական ուժերու հրամանատարը համաձայնագիր ստորագրած էին, ըստ որուն՝ քիւրտ զինեալները պէտք էր միանային կառավարական բանակին։
Օգոստոս 9-ին Սուրիոյ կառավարութիւնը հրաժարած էր մասնակցիլ Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու հետ նախատեսուած բանակցութիւններուն, որոնք նախատեսուած էին Փարիզի մէջ՝ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ։ Անոնք քիւրտերը մեղադրած են Սուրիոյ գործերուն արտաքին միջամտութիւն հրահրելու փորձերու մէջ։