Օրերս Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայրերու օրուան նուիրուած երեկոյ մը Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովանաւորութեամբ եւ Եկեղեցւոյ Զոյգերու Յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:
Այս մասին « Արեւելք» իմացաւ Բեթէլ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն:
Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ Զոյգերու Յանձնախումբին, Շաբաթ, 14 Յունիս 2025-ին, տեղի ունեցաւ Հայրերու օրուան նուիրուած երեկոյ, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Պատուելի Ասատուր Մնչէրեանի բացման աղօթքով։ Օրուան հանդիսավարն էր Տիկ. Մարինա Արապաթլեան։ Եկեղեցիին երիտասարդներուն ներկայացումով՝ գեղարուեստական յայտագիրը կ'ընդգրկէր հայրերու նուիրուած խօսքեր, ասմունքներ եւ երգեր։
Այնուհետեւ Վերապատուելի Համայնքապետը իր խօսքը ուղղեց յայտնելով որ, հայրը ընտանիքը համախմբող տիպարն է։ Ան ըսաւ, որ հայրերու նուիրուած տօնը իր մէջ կը պարփակէ երկու խորհուրդներ՝ հոգեւոր եւ աշխարհական։ Հոգեւոր, որ մեր Տէր Աստուած Հայրը, մեր արարիչն ու ստեղծիչն է, իսկ՝ աշխարհական, ընտանիքի հայրը, ընտանիքներու անդամները համախմբողը։ Վերապատուելին իր խօսքին մէջ վեր առաւ, որ հայրութիւնը իր մէջ ունի ինքնազոհողութիւն եւ դրական ներուժ սփռելու ամենաբարձր գիտակցութիւնը։
Վերապատուելին եզրափակելով ըսաւ, որ հայրութեան Եզակի տիպարը մեր Երկնաւոր Հայր Աստուածն է, որուն շնորհքով եւ իմաստութեամբ ընտանիքը կը ծաղկի։ Ապա շնորհաւորեց բոլոր ներկայ հայրերուն տօնը, որմէ ետք կարկանդակ հատեցին միասնաբար։
Երեկոն շարունակուեցաւ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով եւ ընթրիքով։ Ապա ներկաները Տիար Ներսէս Թօփճեանի երգեհոնի վրայ հրամցուած ճոխ երգերու հաւաքածոն ունկնդրեցին։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ խաղ։
Աւարտին, յանձնախումբի անդամները այս պատեհ առիթով շնորհակալութիւն յայտնեցին Համայնքապետ Վերապատուելիին իր հայրական հոգածութեան համար եւ յուշանուէր նուիրեցին։ Երեկոն իր աւարտին հասաւ Վերապատուելիին աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ։