image

«Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ պիտի չըլլայ». Պատրիարք Ռահի

  «Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ պիտի չըլլայ». Պատրիարք Ռահի

 Լիբանանի Մարոնի համայնքի հոգեւոր առաջնորդ՝ Ռահի Պատրիարքը կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ։

 Ռահի, որ խօսեցաւ «Ալ Արապիա» կայանէն շեշտը դրաւ Լիբանանի կառավարութեան առած որոշումին վրայ, որու հիմքով «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը պարտաւոր է յանձնել իր զէնքերը։ 

 

 Ռահի Պատրիարք իր խօսքին մէջ ծանրօրէն քննդատեց Իրանը եւ նշեց, որ Իրանի Լիբանանի ներքին գործերուն խառնուիլը խստօրէն դատապարտելի է…

 Մարոնի կրօնաւորին կարծիքով իսրայէլեան  լիբանանեան շրջաններէն հեռացումը մեծապէս կրնայ նպաստել, որ «Հըզպալլա» համակերպի եւ յանձնէ իր զէնքերը։

 

 Ռահի աւարտին յիշեցուց, որ լիբանանցիք (եւ յատկապէս շիիթները) յոգնած են պատերազմելէ եւ  բոլորին համար  կարեւորագոյնը  խաղաղութեան հաստատումն է։