Սկիւտարի պատմական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մեծաշուք կերպով նշուած է Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Պոլսահայ աւանդապահ մեր համայնքը այս տարի եւս հոգեկան մեծ ուրախութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի խորհուրդը։ Բոլոր թաղերու նման Սկիւտարաբնակ հաւատացեալներ եւս Կիրակի առաւօտ փութացին Ս. Խաչ եկեղեցի ու տօնի առիթով աղօթեցին որպէսզի Աստուած իր շնորհները առատացնէ համայն հայութեան մէջ։ Արարողութեան հանդիսապետեց՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Հաւատացեալները, ունկնդրելով Արամ Սրբազանի քարոզը, հոգեպէս վերանորոգուեցան, ոգեկոչեցին Աստուածամօր յիշատակը եւ կերան օրհնուած խաղողը։