Իսրայէլի զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Եմէնի մայրաքաղաք Սանաային, որու հետեւանքով, ըստ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներու, զոհուած է առնուազն վեց մարդ, եւս 86-ը վիրաւորուած են։ Իսրայէլեան կողմը հաստատած է յարձակումը՝ այն որակելով պատասխան գործողութիւն՝ ի պատասխան Իսրայէլի ուղղութեամբ հուսիներու կողմէ կատարուած հրթիռային յարձակումներու։
Ըստ հուսիներուն առընթեր «Ալ-Մասիրա» հեռուստաալիքի՝ իսրայէլեան հարուածներու թիրախ դարձած են մայրաքաղաքի նաւթային կառոյցն ու ելեկտրակայանը։ Իր հերթին, Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտնած է, որ թիրախաւորած է նախագահական պալատը, որ, ըստ անոնց, տեղակայուած է «ռազմական համալիրի մէջ»։
Յարձակումը տեղի ունեցած է հուսիներու կողմէ Իսրայէլի դէմ հրթիռային հարուածէն երկու օր անց։ Եմէնական խմբաւորումը պնդած է, որ իր գործողութիւնները նպատակ ունին ճնշում գործադրել Իսրայէլի վրայ՝ Կազայի հատուածին մէջ շրջափակումը եւ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար։
Իսրայէլի զինուժի յայտարարութեան մեջ ըսուած է․ «Յարձակումներն իրականացուած են ի պատասխան «հուսի ահաբեկչական ռեժիմի» կողմէ Իսրայէլի պետութեան եւ անոր քաղաքացիներու դէմ իրականացուած բազմակի յարձակումներու»։
Հուսի պաշտօնեաները հերքած են Իսրայէլի պնդումները՝ ռազմական թիրախներ խոցելու վերաբերեալ։ Եմէնի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ապետ ալ-Թաուրը յայտարարած է, որ Իսրայէլը ռմբակոծած է քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ՝ «եմէնցիներուն տառապանք պատճառելու համար» եւ աւելցուցած, որ հարուածի ենթարկուած նախագահական պալատը վաղուց լքուած եղած է՝ գործողութիւնը որակելով «բարբարոսութիւն»։
Հակառակ իսրայէլեան հարուածներուն, հուսիները յայտարարած են, որ պիտի չդադրեցնեն իրենց ռազմական գործողութիւնները՝ ի պաշտպանութիւն պաղեստինցիներու։ «Եմէնի դէմ իսրայէլեան յարձակումը չի յուսահատեցներ մեզ՝ շարունակելու մեր աջակցութիւնը Կազային՝ անկախ զոհողութիւններէն», –ըսած է հուսի պաշտօնեայ Մոհամմետ ալ-Պուխաիտին։
Սանաայի մէջ հուսիներու գլխաւորած կառավարութիւնը յարձակումը որակած է «ռազմական յանցագործութիւն» եւ յայտարարած, որ «յարձակումը կ՚ապացուցէ, որ իսրայէլական թշնամին՝ ամերիկեան աջակցութեամբ, բաց պատերազմ կը մղէ արաբական եւ իսլամական ազգի դէմ»։