image

Երախտապարտութեան եւ ապերախտութեան սահմանները ուրկէ՞ կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան

Երախտապարտութեան եւ ապերախտութեան սահմանները ուրկէ՞ կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան

Ներկայիս, այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ կարգ մը ներքաղաքական լծակներէն ներս, անտեսելով եւ արատաւորելով ամբողջ իրականութիւն մը, որ կը կոչուի՝ խորհրդային Հայաստանի յաջորդած՝ արդի անկախութեան Հայաստան, ինչո՞ւ, ԱՊԵՐԱԽՏՕՐԷՆ ՈՄԱՆՔ չեն ուզեր ընդունիլ այդ պայծառատեսութիւնը եւ մէջտեղ կը շպրտեն դաշնակիցի ու նոր դաշնակիցի յերիւրանքները:

Այսինքն՝ ի՞նչ, պարոնայք անբեւեռներ, երէկուան ձեր հայրենիքը պահող-պաշտպանող, հոգածող-սատարող, զօրակցող-յենարող կողմեր, հիմա թշնամիներ եւ ոսոխներ դարձա՞ն, այն աստիճան որ 365 աստիճանէն աւելի շեղած էք Ձեր ազգային հայեացքներէն եւ ըմբռնելիութիւններէն եւ Ձեր անկուշտ աչքերը սեւեռած՝ օտարներո՞ւ վրայ (Արեւմուտք):

Մեր Դիտարկումով ու Դատումով

Ամբողջ 70 տարի, Հայաստանը ու Հայաստանցին ապրեցան Խորհրդային Միութեան հովանիին տակ:

Ամբողջ 70 տարի, այդ հովանոցին ներքեւ գոյատեւեցին, կառուցեցին ու բարգաւաճեցան:

Ամբողջ 70 տարի, քաղաքաշինութեան եւ երկրաշինութեան հրաշքներ պարգեւեցին ու կերտեցին:

Ամբողջ 70 տարի, գիտութեան ու կրթութեան ասպարէզներ պեղեցին եւ ուղեղներ պատրաստեցին:

Ամբողջ 70 տարի, արդիւնաբերական ու ճարտարագիտական բեղուն իրագործումներ յաջողցուցին:

Ամբողջ 70 տարի, գրականութեան ու մշակութային բարձրագոյն թռիչքներ արձանագրեցին:

Ամբողջ 70 տարի, հայու արմատներուն հարազատ մնալու միջոցառումներ սնուցանեցին:

Ամբողջ 70 տարի, մտքի ու գրիչի ոստաններու հիմնումին ու տարածումին զարկ տուին:

Ամբողջ 70 տարի, ստեղծագործեցին ու բարեկարգեցին ծնունդ տալով ազգամեծար դէմքերու:

Ամբողջ 70 տարի, կամքով եւ յոյսով ապրեցան, դէպի աւելի բարեբեր, օգտաշատ ու ծաղկուն ապագայ մը վայելելու միտումով:

Այդ ընթացքին չեղա՞ն բացթողումներ ու թերացումներ, հալածանքներ ու խստութիւններ, ճնշումներ ու լարուածութիւններ:

Եղա՛ն եւ ովքե՞ր կրնան հակառակը ըսել կամ ուրանալ նման տխրահունչ պարագաներու պատճառած դառնութիւնները եւ այլամերժութիւնները:

Յիշենք ստալինեան-բերիական բռնաբառական-բռնապետական դժոխային ահաւոր պայմանները, երբ հայ մտաւորական ականաւոր դէմքեր աքսորուեցան եւ անճիտուեցան (ընդ որուն՝ յաճախ «հայ» դաւաճաններու ցուցմունքով, մատնութեամբ ու մեղսակցութեամբ):

Չմոռնալ նաեւ այն զրկանքները, անիրաւութիւնները եւ անարդարութիւնները, որոնք առիթէ-առիթ կը նշմարուէին ու կը լսուէին հոս ու հոն, յատկապէս երբ օրուան իշխանութիւնները հանդէս կու գային զգաստացումի ու սաստումի եղանակներով, ոչ անպայման թանձր ու մռայլ մթնոլորտ մը պարտադրելով, այլ՝ զգուշացնելով ծայրայեղութիւններու ու մոլեռանդութիւններու հաւանականութիւններէն, որոնք կրնային համամիութենական կարգուսարքին համար նկատուիլ խորթ կամ անբաղձալի:

Կը կրկնե՛նք. ժխտական իրադարձութիւններ, անհանդուրժելի երեւոյթներ, անհաղորդ միջամտութիւններ, անկարգապահ արարքներ կամ բռնազբօսիկ օրինակներ կային, կը պատահէին, անհնազանդական պարագաներ եւս, որոնց նկատմամբ համապատասխան հակազդեցութիւնները, խիստ կամ բիրտ, անբնական չէին, անշուշտ, չափաւորական ու տրամաբանական կշռոյթներով:

Այդուհանդերձ, երբ լայն ֆոնի վրայ կը դիտենք ու կը դատենք 70 տարուան ընթացքին,

- Սեւն ու սպիտակը

- Վատն ու լաւը

- Բացասականն ու դրականը

- Մոխրագոյնը ու վարդագոյնը

- Մթամպածն ու պայծառը

Միթէ պարզ չէ՞, որ երկրորդները աւելի գերակշիռ էին, ի տես այն առաւելութիւններուն, բարեմասնութիւններուն ու լուսաւորութիւններուն, որոնք 70 տարուան վերիվայրումներու, սայթաքումներու նոյնիսկ ձախաւերութիւններու ընդմէջէն, կրցան խուսանաւել ու սպրդիլ, հասնելու համար այն արդիւնքին ու մրցագիծին, ուր իրենց գոյութիւնն ու շահը, ինքնութիւնն ու կեանքը, էութիւնն ու դիրքորոշումը կը մնան կանգուն կամ զիրենք կը կապեն իրենց ազգային առաջադրանքներուն:

Ասիկա տարրական ճշմարտութեան մը լայնածիր կծիկի մը լուսաշող թռիչքն է, կարգախօսը, որոնցմով 70 տարուան ժամանակաշրջանը տուաւ այդ կարելիութիւնը, որպէսզի հայն ու Հայաստանը մնան հաւատարիմ կրողները իրենց ազգային պատկանելիութեան ոլորտներուն:

Հոս, ինքնաբերաբար, մեր աչքին առջեւ կու գան հետեւեալ պերճախօս գործօնները:

- Եթէ 70 տարին չըլլար, արդեօք հայն ու Հայաստանը կը մնայի՞ն անվտանգ եւ ապահով, երբ Մեծ Եղեռնէն միայն երեք տարի ետք, համայնակուլ վոհմակ՝ թուրքը, դարձեալ փորձեց Հայաստանը նուաճել, բայց, Սարդարապատեան հերոսամարտը (26 Մայիս 1918), վիժեցուց զայն, առանց որ թուրքը հրաժարի իր ցեղասպանական դիտաւորութենէն:

Ուրեմն, Հայաստանին խորհրդայնացումը, զինք փրկեց նոր թրքաբարոյ փորձութիւններէ եւ 70 տարուան խաղաղութիւնը ու պաշտպանուածութիւնը, ստեղծեց… ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, իր ամբողջ բարօրութեամբ:

- Հայրենական մեծ պատերազմը՝ 1945ի, մնալու-չմնալու մեծ մարտահրաւէր մըն էր, իսկ Հայաստանը կանխատեսելով անոր հաւանական ահագնութեան հետեւանքները, մաս կազմեց հակահիթլերական մարտունակութեան, եթէ տեղ մը՝ ռուսերուն զօրավիգ կանգնելու, ուրիշ հիմնական տեղ մը՝ իր ԼԻՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ տէրը դառնալու, քաջ գիտակցելով, որ Ռուսիոյ (իմա՝ Խորհրդային Միութեան), պարտութիւնը պիտի ըլլայ իր ալ… ոչնչացումը: Եւ ասիկա՝ ի գին իր բազմահազար նահատակներուն, որոնցմէ ոմանք դարձան հերոսական-ազատարարներ, միշտ այն տեսիլքով, որ հայրենիքի փրկութեան համար, չկան սահմանագիծեր, չկան անկարելիութիւններ եւ չկան ընկրկումներ:

***

Ինչո՞ւ այս գրառումներն ու մտորումները:

Իսկ ինչո՞ւ պիտի չըլլան եւ ինչո՞ւ մեր մտաւորական գրիչները, հրապարակագիրները, խմբագիրները յօդուածագիրները, չեն անդրադառնար այս անկիւնադարձային հանգրուանին, երբ առ ի չգոյութենէ, 70 տարուան ծաղկող Հայաստան մը մարմնաւորուեցաւ, որ, փաստօրէն, ամբողջովին, պատրաստի ՆՈՒԷՐ մըն էր Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անկախութեան:

Մենք մօտէն հետեւած ենք ու կը հետեւինք մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր քայլափոխին, իր խայտաբղէտ զարգացումներով, տատանումներով, խարխափումներով, կաղացումներով, հակասութիւններով ու տատամսումներով, նաեւ՝ աչքառու յաջողութիւններով, երեւելիութիւններով եւ յառաջդիմութիւններով:

Սակայն, կարելի՞ է ըսել կամ ընդունիլ այն անցուդարձերը, որոնք տեղի կ’ունենան իշխանական թէ ընդիմախօսական ճակատներու վրայ, միշտ ստուեր ձգելով Հայաստանի ապագայականութեան վրայ, մանաւանդ ի լուր ազերիական-թրքական սպառնալիքներուն, իսկ ներքաղաքական կացութիւնը կը փայլի… անկայունութեամբ ու լղրճիկութեամբ, չզանազանելով այն բարիքներն ու չարիքները, որոնք կրնան նպաստել կամ վնասել հայրենիքին:

Ներկայիս, այն ինչ որ տեղի կ’ունենայ կարգ մը ներքաղաքական լծակներէն ներս, անտեսելով եւ արատաւորելով ամբողջ իրականութիւն մը, որ կը կոչուի՝ խորհրդային Հայաստանի յաջորդած՝ արդի անկախութեան Հայաստան, ինչո՞ւ, ԱՊԵՐԱԽՏՕՐԷՆ ՈՄԱՆՔ չեն ուզեր ընդունիլ այդ պայծառատեսութիւնը եւ մէջտեղ կը շպրտեն դաշնակիցի ու նոր դաշնակիցի յերիւրանքները:

Այսինքն՝ ի՞նչ, պարոնայք անբեւեռներ, երէկուան ձեր հայրենիքը պահող-պաշտպանող, հոգածող-սատարող, զօրակցող-յենարող կողմեր, հիմա թշնամիներ եւ ոսոխներ դարձա՞ն, այն աստիճան որ 365 աստիճանէն աւելի շեղած էք Ձեր ազգային հայեացքներէն եւ ըմբռնելիութիւններէն եւ Ձեր անկուշտ աչքերը սեւեռած՝ օտարներո՞ւ վրայ (Արեւմուտք):

Չէ՞ որ՝ դուք ձեր ուժերուն ու միջոցներուն վրայ կ’ուզէք յենիլ ու վստահիլ, առանց դաշնակիցներ ունենալու, իսկ հիմակուան ձեր կատաղի կեցուածքները ինչո՞վ կը բացատրուին եւ ինչպէ՞ս կ’արդարացուին:

Յանկա՜րծ, 70 տարուան ձեր վաղեմի՜ դաշնակիցէն կը հրաժարիք ու նոր դաշնակից մը գտնելու… ցնծութիւնը կ’ապրիք, որոնց ոչ-բարացուցական դերակատարութիւններուն գովքը հիւսելու պէտք կայ հայոց փխրուն պատմութիւնը վկայ:

Ուրեմն, ի՞նչ, երէկ՝ դաշնակիցը ռուսն էր, այսօր՝ Արեւմուտքը, վաղն ալ՝ ուրի՞շ մը:

Ո՞ւր կ’ուզէք տանիլ Հայաստանը, երբ նոր դաշնակիցի փնտռտուքի… փնթիութեամբ, այլուր կը դեգերիք, հանգանակութիւններ հաւաքելու, իբր թէ ձերբազատուելու համար աւանդական բարեկամութիւններէն:

Դէմ չենք: Ընտրեցէք ձեր ուղին, բայց, ի՞նչ գնով, այդ ալ ձեր… ճիտին պարտքը թող ըլլայ:

Ապերախտութեան մաղձը կը խլրտի ձեր ներսդին, առանց սթափելու որ ձեր տարած (չ) աշխատանքները կը ծառայեն միայն հայրենիքին մեկուսացման եւ անգլուխութեան:

Արեւմտամէտ (կամ Արեւմտածի՞ն) մը, լսէ՛ք, ի՞նչ կը ձաբռտէ:

«(Միսաք) Մանուշեաններու մուտքը (ֆրանսական) «պանթէոն» խորհրդանշում է Հայաստանի վերադարձը դէպի եւրոպական քաղաքակրթութիւն»:

Ա՞յս է ազգային-քաղաքական արեւելումին արտայայտութիւնը, այսպէ՞ս կը բնորոշուին ու կը ձեւաւորուին միջ-պետական յարաբերութիւնները:

Ուրիշ ցնորամիտ մը, տեսէ՛ք ի՞նչ կը մրմռայ.

«Մենք Ֆրանսային ասում ենք՝ Հայաստանում կա՛ն Միսաք Մանուշեաններ»:

Դո՛ւք այսպէս յոխորտացողներ, Մանուշեաններու գաղափարախօսութեան ու մեծութեան անունով եւ յիշատակով բարբառողներ, ձեզի ո՞վ իրաւունք տուած է ձեր անհատական (ոչ ազգային ու համայնական) հարցերը «լուծելու» համար, դիմէք նոր դռներ թակելու… արկածախնդրութեան, մնաց որ՝ դուք եւ ձեզի նմաններ, այդ ՄԵԾ ՀԱՅՈՒՆ ՈՒ ՄԱՐԴՈՒՆ երբեւիցէ ճանչցած է՞ք, մտածած էք անոր մասին, ծանօ՞թ էք անոր սխրանքին, հիմա ալ հանդէս կու գաք անոր անունով:

Պէտք է գիտնալ ու զատորոշել՝ երախտապարտութեան եւ ապերախտութեան սահմանները ուրկէ՞ կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան:

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)