image

Սուրիան բացած է սահմանները Լիբանանէն հեռացողներուն համար

Սուրիան բացած է սահմանները Լիբանանէն հեռացողներուն համար

Սուրիան բացած է սահմանները Լիբանանէն հեռացողներուն համար, որոնք Իսրայէլի բուռն օդային հարուածներու հետեւանքով կը հեռանան իրենց բնակավայրերէն: Այս մասին յայտնած է լիբանանաեան «Հըզպալլա» շարժման թելեկրամեան ալիքը:

Դատելով համացանցի մէջ տարածուած տեսանիւթերէն՝ Լիբանանի ճանապարհներուն վրայ մեծ խցանումներ գոյացած են:

Նշենք, որ Իսրայէլի բռւռն օդային հարուածները հարաւային Լիբանանի մէջ՝ «Հըզպալլա» շարժման թիրախներու ուղղութեամբ, դարձած են 492 մարդու զոհուելու եւ 1645-ի վիրաւորուելու պատճառ: Ընդհանուր առմամբ, հասցուած է 1,600 հարուած:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը երկուշաբթի առաւօտեան յայտարարած էր, որ լայնածաւալ օդային հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի մէջ «Հըզպալլա» շարժման թիրախներուն: Բանակի պնդմամբ՝ Լիբանանի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները նախազգուշացուած էին, անոնց կոչ եղած էր արագ հեռանալու այն տուներէն, որոնք «Հըզպալլա»-ն կ՚օգտագործէ զէնք պահելու համար:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ օդուժը կը թիրախաւորէ այն տուները, ուր «Հըզպալլա» «հրթիռներ, անօդաչու թռչող սարքեր» կը պահէ: Լիբանանի հարաւի հազարաւոր բնակիչներ երէկուընէ կը շտապեն հեռանալ բնակավայրերէն:

Հաղորդուած է, որ «Հըզպալլա»-ը իր հերթին երկուշաբթի աւելի քան 200 հրթիռ արձակած է, իսկ անցած գիշեր՝ 20: Ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ Իսրայէլի հիւսիսի մէջ դպրոցները փակուած են: