Երեւանը կ՚ակնկալէ, որ ի վերջոյ ՀԱՊԿ-ը քաղաքական գնահատական կու տայ այն փաստին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները բռնագրաւուած են։
Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը՝ անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի այն յայտարարութեան, թէ որն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան պատասխանատւութեան գօտին ՀՀ-ի մէջ։
«Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները շատ պարզ են, շատ պարզ է բոլորի համար, թէ որն է ՀՀ սուվերէն տարածքը։ Ըստ էութեան՝ ՀԱՊԿ քարտուղարութեան յայտարարութիւնը, չնայած դա էլ է վիճելի՝ արդեօք ՀԱՊԿ քարտուղարութիւնը իրաւասո՞ւ է նման յայտարարութիւններ անել ՀԱՊԿ անդամ պետութիւնների անունից, թէ՞ ոչ։ Մեր դիրքորոշումը չի փոխուել, եւ մենք ակնկալում ենք, որ ի վերջոյ ՀԱՊԿ-ը քաղաքական գնահատական կը տայ այն փաստին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սուվերէն տարածքները օկուպացուել են, մասնաւորապէս՝ 2022թ. սեպտեմբերին»,- շեշտած է ան։