Աւելի լաւ է՝ ուժանիւթի հարցերով Հայաստանը չապաւինի Պաքուին: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ԵՏՄ հիմնարկի տնօրէն, Եւրասիական փորձագիտական ակումբի համահիմնադիր, քաղաքագէտ Վլատիմիր Լեպեխինը:
«Ատոր համար կայ Իրանը: Պէտք է քննարկել Իրանի հետ փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները»,-նշած է ան:
Փորձագէտը խորհուրդ տուած է չապաւինել ատրպէյճանական կողմին, քանի որ որեւէ պահու այն կրնայ սպառնալիքի առարկայ դառնալ:
Յիշեցնենք` «Կազփրոմ էքսփորթ» ՍՊԸ-ն 17 մարտին հաղորդագրութիւն տարածած էր` յայտնելով, որ ռուսական կազը ժամանակաւորապէս Հայաստան պիտի հասնի Ատրպէյճանի տարածքով: Ըստ այդ հաղորդագրութեան` «Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս» կազատարի ռուսական հատուածին մէջ ծրագրային կանխարգելիչ աշխատանքներու աւարտէն ետք կազը պիտի մատակարարուի նախկին երթուղիով։
Ռուսական կազը երէկուընէ Հայաստան կը հասնի Ատրպէյճանի տարածքով, այդ երթուղին պիտի գործէ 18 մարտէն մինչեւ 15 ապրիլ: