image

Հայոց լեզուին խարխափումը եւ անհեթեթութիւններու կուտակումը. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Հայոց լեզուին խարխափումը եւ անհեթեթութիւններու կուտակումը. Գրեց՝ Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Խառնիճաղանչը, որ կը տիրէ Հայաստանի մէջ, աննախընթացօրէն եւ աներեւակայելիօրէն, ինքզինք ոչ միայն գերազանցած ու գերադասած է, այլեւ՝ արձանագրած՝ խայտաբղէտ մրցանիշներ եւ յատկանիշներ, որոնք՝ երբեմն զարմանք կը պատճառեն, երբեմն ալ՝ ապշահարութիւն։

Չենք գիտեր, թէ ատոնք առաջացած են կամ կ’առաջանան դէպքերու հոլովոյթներէն կամ անոնց լոյսին տակ կը զարգանան ու կը ճիւղաւորուին, թէ՞ տուեալ կողմերուն համար մոտայիկ դրսեւորումներ են կամ ուրիշները կրկնելու եւ կապկելու սովորոյթներ։

 

 

Աճպարարական աններելի երեւոյթներու դիմաց.

ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄԸ ԵՒ 

ԱՆՀԵԹԵԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿՈՒՏԱԿՈՒՄԸ

Խառնիճաղանչը, որ կը տիրէ Հայաստանի մէջ, աննախընթացօրէն եւ աներեւակայելիօրէն, ինքզինք ոչ միայն գերազանցած ու գերադասած է, այլեւ՝ արձանագրած՝ խայտաբղէտ մրցանիշներ եւ յատկանիշներ, որոնք՝ երբեմն զարմանք կը պատճառեն, երբեմն ալ՝ ապշահարութիւն։

Չենք գիտեր, թէ ատոնք առաջացած են կամ կ’առաջանան դէպքերու հոլովոյթներէն կամ անոնց լոյսին տակ կը զարգանան ու կը ճիւղաւորուին, թէ՞ տուեալ կողմերուն համար մոտայիկ դրսեւորումներ են կամ ուրիշները կրկնելու եւ կապկելու սովորոյթներ։

Գաղտնի՞ք են այդ երեւոյթները, թէ բնական արտայայտութիւններ, դժուար է պատասխանել, բայց, որ կան ատոնք, կը յայտնուին ամէն (կամ որեւէ) առիթներով, մերթ «քաղաքացիութիւն», մերթ «հպատակութիւն» ստանալով, ակներեւ ճշմարտութիւն են ու կը գտնուին, կը գործածուին ու կ’արտաբերուին համարեա իւրաքանչիւր շրջանակի մօտ, կը ժողովրդականացուին գրեթէ բոլոր միջավայրերուն մէջ։

Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է հանդուրժել կամ դիտարկել որոշ խորթ ու տխեղծ այլանդակութիւններ, որոնք ընկերութեանց մէջ կը ձեւաւորուին, կը շեփորուին կամ կը բաշխուին, այնքան ատեն, որ անոնք չեն կրնար ո՛չ հայկականութեան, ո՛չ ազգութեան, ո՛չ ալ հայութեան նպաստ բերել, բացի ըլլալէ աղէտ, բացի դառնալէ փորձանք, բացի վերածուելէ խաղքութեան։

Զարմանալի է, որ՝ ո՜րքան խորանանք նման բարդոյթներու մէջ, ո՜րքան մխրճուինք նման ասոյթներու մէջ, որքա՜ն ենթարկուինք աւազախրումներու, այդ «ժխտականութիւնները» չեն մեղմանար, անհետին կամ շոգիանան, որովհետեւ անոնք «ծածկուած» կ’ըլլան թանձր շղարշներով, պատուած երկաթէ վարագոյրներով ու զրահուած անբեկանելի պարիսպներով։

Այս առումով, որպէսզի աւելի պարզունակ ու թափանցիկ ըլլան վերի տողերը, ճիշդ հասկնալի եւ ըմբռնելի պատկերներով, իմ մօտս կարծիք ու տեսակէտ արմատաւորուած է (թերեւս ալ՝ այլոց մօտ), որ հայաստանեան ԱՐԴԻ իրականութեան մէջ, կան բազմաթիւ «ԲԱՂԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻ»ներ, որոնք ինքզինքնին կը պարտադրեն, ինքզինքնին կ’արտայայտեն եւ ինքզինքնին կը ցուցադրեն (թէեւ նման անկումային վայրէջքներ կան նաեւ սփիւռքահայութեան մօտ, բայց այս մասին ալ՝ յետագային), ուստի, պարտ նկատեցի լուսարձակի տակ առնել հետեւեալ երկու ՄԵԾԿԱԿ թղթածրարները.

 

Ա. ԼԵԶՈՒՆ՝ ԻՐ ԽԱՐԽԱՓՈՒՄՆԵՐՈՎ

Մեր գեղեցիկ, հոյակապ, սքանչելի, պաշտելի հայոց լեզուն, իր Ոսկեղնիկով, հրաշագեղութեամբ, իմաստալիութեամբ, իւրայատկութեամբ, բազմագունեղութեամբ, (թուարկումներու կարգը չի սահմանափակուիր), ինչո՞ւ պիտի մնայ այսքա՜ն թափթփած, տժգունած, դալկացած, էափոխուած ու խորթացած (նուազագոյնը նշելու համար)։

Կար ժամանակ, երբ այդ բոլորի «մեղքը» կը բարդուէր Խորհրդային Հայաստանի վրայ, իսկ հիմա՞, անկա՜խ Հայաստան, ո՞ւր է հայոց լեզուին (ու բառապաշարին) ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՆԲԻԾՈՒԹԻՒՆԸ, ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ եւ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ։

Ի դէպ, ճիշդ է, Խորհրդային օրերուն, հայոց լեզուին մէջ չէին պակսիր ՕՏԱՐԱՄՈՒՏ (անտեղի ու դատապարտելի) բառեր, նոյնիսկ՝ այդ մտածումներով բառեր ու մէջբերումներ, բայց, վերջին հաշուով, հայերէնը ազնուագոյն ու վսեմագոյն շերտերով առկայ, կենսունակ ու հարազատ էր, վկա՛յ՝ անոր ամբողջական ստուարածաւալ հայերէնագիտութեանց, հրատարակութեանց ու գրահարստութեանց պաշարները կտակներն ու ժառանգութիւնները։

Իսկ այսօ՞ր, երբ կ’ակնկալուի, որ հայերէնը ձերբազատուի օտարամուտ բառերէն ու խորթացած բառապաշարային շերտերէն, դժբախտաբար, նոյն հիւանդութիւնը ու սովորամոլութիւնը կը շարունակուի, անհարկիօրէն եւ անտեղիօրէն, գործածելով զանոնք, աղճատելով եւ աղաւաղելով արեւելահայերէնը, իր գրաւոր թէ խօսակցական հնչիւնաբանութեամբ ու հնչիւնախօսութեամբ։

Այս հրատապ հարցին սրբագրութիւնը եւ իր հարազատութեամբ զայն գործածելու հրամայականութիւնը մոռցած, գիտակցաբար թէ ոչ, տակաւին կը շարունակուին հայերէնը թունաւորելու, եղծանելու եւ ապականելու տխուր ու դատապարտելի փորձութիւնները եւ անտեղի ճամարտականութիւնները։

Ինչ որ այպանելի է եւ անըմբռնելի, զայն նման զարտուղութեամբ, անկանոնութեամբ ու սխալագործութեամբ կիրարկող կողմերն են, անոնք ըլլան մտաւորականներ, հեղինակներ, տիտղոսակիրներ, առաւել՝ լսահաղորդումներու, ձայնասփիւռներու, հեռատեսիլներու եւ յարակից ելոյթներու մէջ յայտնուող արտասանուող, գործածուող ու հնչուող արտառոց, անսովոր, անհեթեթ եւ անճոռնի հայալեզուն է, ուր «թխմուած» են (կամ կ’ըլլան) այնպիսի օտարախառն բառեր, որոնց ո՛չ կարիքը կայ, ո՛չ ալ անհարժեշտութիւնը, երբ անոնց մեծ մասին մաքուր, յստակ ու հասկնալի փոփոխակները կան, հայոց լեզուին տալով իր շքեղութիւնը, օրինականութիւնը ու բնականոնութիւնը։

Ոչ վաղ ժամանակներուն, Ազգային Ակադեմիայի կողքին կամ հովանիին տակ կար «ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՏԵՐՄԻՆԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ (եզրաբանութեան)» բաժանմունք մը, (որուն անդամ նշանակուած էր նաեւ համեստս, սփիւռքահայ երկու ուրիշ լեզուագէտներու հետ), որուն պարտականութիւնն էր հայոց լեզուն մաքրազտել ու բիւրեղացնել իր ԸՆՏԱՆԻ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ, դժբախտաբար, սակայն, կարճ կեանք մը ունեցաւ ու կարելի չեղաւ ծաւալել իր լրիւ դերակատարութիւնը։

Ներկայիս, որքան որ գիտեմ կայ նման մարմին մը, սակայն, ի՛նչ տարողութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ եւ յաջորդականութեամբ կը գործէ, կ’անգիտանամ։

Այդուհանդերձ, հայերէնը իր առողջ ինքնութիւնը գտնելու եւ իր հարազատ էութեամբ ծառայելու համար, պէտք է իր բարձրագոյն ու գերագոյն մակարդակին վրայ գտնուի, առանց ընկրկումի եւ ուշացումի հայոց լեզուն պահպանելով, խնամելով ու գուրգուրալով անոր վրայ, լեզուականօրէն, բառագիտակօրէն, մասնագէտօրէն, որպէս շնչող ու շնչեցնող, կենդանի ու կենդանացնող լեզու, որուն հզօրութիւնը, ամբողջականութիւնը, դաստիարակչութիւնն ու գիտութիւնը պարտաւորեցնող ու հարկադրող են, միանգամա՛յն։

Սփիւռքէն լսուած, գրուած, արձագանգուած ու պահանջուած կոչերը, յիշեցումները, ցարդ ոչ մէկ կարեւորութեան կամ ուշադրութեան արժանացած են, բայց, ժամանակն է, որ այս պահանջարկը դառնայ լուրջ գործադրութեան, հիմնակէտ, յանուն մայրենի լեզուին անմաքրութեան, կանոնագրութեան, անսխալականութեան եւ անարարութեան։

 

Բ. ՆՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ Ի՞ՆՉ ԳՈՅՆԵՐՈՎ

Ահաւասիկ ուրիշ «նորոյթ» մը. քաղաքական տարբեր գունաւորումներով կամ ուղղութիւններով կառոյցներ, որոնք վերջին երկու տարիներուն հրապարակ իջան (կամ նետուեցա՞ն), սակայն, ի՞նչ հիմունքներով ու վարդապետուեթամբ, ակունքներով ու տեսլապաշտութեամբ, կը մնան մե՜նծ հարցականներ, ինչպէս ամէն ինչ որ կը պատահի երկրին մէջ, ուր՝ տէրը ծառային չի ճանչնար (եւ հակառակը), ուր՝ իշխանութիւնը՝ ժողովուրդին (եւ հակառակը), ուր՝ պատգամաւորականը՝ ընդդիմութեան (եւ հակառակը), ուր՝ պետութիւնը՝ հոգեւորականութեան (եւ հակառակը)։

Վերջին երկամեակին, երբ Հայաստանի մէջ նոր ներհայկական հակադէմ բեւեռներ արձանագրուեցան, խիստ լարուած ու ձգտուած մթնոլորտի մը մէջ, բոլորովին անբնական կացութիւն մը պարզուեցաւ, ուր՝ մեկ կողմէն, իշխանամերձ ուժեր, միւս կողմէն՝ ընդդիմադիր ցանցեր, ահաւոր հակամարտութիւններու դէմ առ դէմ յայտնուեցան, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ ապահովական բախումներով։

Հիմա, այդ չէ որ պիտի արձանագրենք կամ անոնց անդրադառնանք, որոնք ահաւոր էին իրենց արդիւնքներով ու հետեւանքներով, խժդժութիւններով եւ անգթութիւններով, այլ՝ ցոյց տալու ու վկայակոչելու, թէ՝ ի՜նչ հանգամանքներէ ու հանգրուաններէ անցան հայրենիքն ու հայաստանաբնակները, արժանանալով նման դաժան ու բիրտ վերաբերմունքներու։

Ուղղակի գայթակղեցուցիչ էին այն տխրաերեւոյթները, երբ՝ այս այն կողմ մը, իր քաղաքական ու կուսակցական, մեկնաբանական ու հայեցորդական ըմբռնումներով, կը դատէր ու կը բնորոշէր իր կողմնորոշելի ու կազմաւորելի ուղղութիւններուն հարթակային չափանիշները եւ գործընթացները։

Իսկ նման դատումները, հպումները կամ ընկալումները, արդեօ՞ք կրնային ճիշդ հորիզոնականներու եւ ուղղախօսութիւններու վրայ պահել այն յենասիւները, որոնք հայրենիքին համար կրնային ըլլալ չափանիշներ եւ ուղեցոյցներ։

Այս թոհուբոհին մէջ, խնդրեմ, նոր ու տարօրինակ անուններով, կուսակցութիւններ կը բուսնին, կը ծագին ու կը բարձրաձայնուին, կարծես թէ առ այդ յայտնուածները բաւարար չէին, հիմա ալ, դարձեալ իրենց մասին բան չըսող, մռայլ եւ անգոյն անուանակոչումներով, կուսակցութիւններ, ոմանք մատի վրայ հաշուող անդամակցութիւններով, Հայաստանի նման փոքր հանրապետութեան մը ու նօսրացած բնակչութեան մը համար, ասոնք ի՞նչ կը ներկայացնեն. բացի անհամ ցուցամոլութենէ։

Տակաւին պէտք է հրապարակել այն վարկածը, որ հայաստանցի ապաքաղաքականացած հանրութեան մը համար, իսկապէս, աւելի քան անբացատրելի երեւոյթ է մեծ քանակով կուսակցութիւններու ծնունդը ու փոքր անդամներով անոնց արձանագրումը։

Կասկած չկայ, որ Հայաստանի մէջ ողջմիտ, լրջախոհ եւ իրատես քաղաքացիներ կան, որոնք քաղաքականօրէն հասուն են, զարգացած ու տրամաբանող, բայց, անոնք կամ սակաւաթիւ են կամ հրապարակներէ հեռու, որովհետեւ անոնց լսող ու կարեւորող չկայ, անբանները վախնալով ու խուսափելով իրենց մերկացումներէն, ի դէմս այն բազմակոյտ ու խճճուած հարցերէն, ուր երեւան կու գան իրենց նկատմամբ։

Այս ծիրէն ներս, խայտառակութեան ուրիշ եւ յաւելեալ պարագայ մը նշմարելի դարձած է, երբ սկսած են յայտարաուիլ ու կազմուիլ նոր կուսակցութիւններ, խիստ ծիծաղելի եւ ողորմելի անուանումներով, ինչպիսիք են. օրինակի համար, «Մեր ձեւով»ը։

Հետաքրքրական է, անոնց հեղինակները, հիմնադիրները կամ ղեկավարները ի՞նչպէս կը բացատրեն ու կ’արդարացնեն, նման անհեթեթութեամբ եւ անբովանդակութեամբ անուանումներով (չ)կուսակցութիւններու հիմնումը, որոնց մէջ չկան ո՛չ գաղափարախօսութեան, ո՛չ իմաստաբանութեան, ո՛չ ալ լիարժէքութեան համազօր միտքեր գաղափարներ ու տեսութիւններ։

Եթէ այս է ընդունուած... կարգ ու կանոնը, այն ատեն կարելի է ստեղծել նաեւ՝ «մեր ձեւով» «միւս ձեւով», «անոր ձեւով» կամ «բոլորին ձեւով» ճղճիմանման խորագիրներով տարբեր տափակութիւններ։

Արդեօք ե՞րբ կարելի է սթափիլ ու լրջանալ, չիյնալու համար նման ծուղակներու մէջ, այլ՝ կեդրոնանալու, հայրենիքը դուրս բերելու իր վտանգաւոր թանձրացումներէն, յուսատու ու լուսաբեր տնօրինումներու ու հեռանկարներու վճռակամութիւններով։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)