Կեանքէն հեռացած է ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հեռուստահաղորդավարուհի, դերասանուհի Զառա Արամեանը, դիմատետրի իր էջին յայտնած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը։
«Մեր ուրախ Զառան այլեւս մեզ հետ չէ»,- գրած է ան։
Նախօրէին լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Զառա Արամեանը սրտի լուրջ խնդրի եւ թթուածինի անբաւարարութեան պատճառով տեղափոխուած է Երեւանի Հերացիի թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր։ Բժիշկները անոր վիճակը գնահատած էին ծանր։