Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղի 50ամեակի յանձնախումբին, փառաշուք կերպով տօնախմբուեցաւ Կլենտէյլի գաղութային կեանքի զարկերակը հանդիսացող «Սիփան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան Ոսկեայ յոբելեանը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Յունուարին, Կլենտէյլի Reflections սրահին մէջ:
Ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուս Մելքոնեան եւ Ժարմէն Միրզախանեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեան եւ ներկայացուցիչներ, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէի անդամներ:
Ձեռնարկին բացման աղօթքը կատարեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ․ Սարգիսեան եւ փոխանցեց իր սրտի բարեմաղթութիւնները:
Օրուան հանդիսավարուհին էր Ալիք Քէլէշեան, որ ձեռնհասօրէն վարեց յայտագիրը: Ան նախ հրաւիրեց ներկաները, մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը բոլոր ննջեցեալ ՀՕՄուհիներուն եւ կեանքի գնով հայրենի հողին համար մարտնչած ազատամարտիկներուն:
Հնչեցին Ամերիկայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները, ապա ներկաները միասնաբար երգուեցաւ ՀՕՄի հիմնը:
Իր բացման խօսքին մէջ, հանդիսավարուհին անդրադարձաւ ՀՕՄի ունեցած որոշիչ եւ կենսական դերին՝ Կլենտէյլի հայ իրականութեան մէջ:
Բեմ հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Ժպիտ Մելքոնեան, որպէսզի ուղղէ այս առթիւ իր սրտի խօսքը: Ատենապետուհին նախ ողջունեց հիւրերն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները, ինչպէս՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա նաճարեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ՝ Արտի Քասախեան, Էլէն Ասատրեան, Վարդան Կարապետեան, քաղաքապետարանի քարտուղարուհի Սիւզի Ապաճեան, նախկին քաղաքապետ Փօլա Տիվայն, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Իր խօսքին ընդմէջէն, Մելքոնեան պատմական ակնարկ մը նետեց մասնաճիւղի ծննդոցին, յիշատակելով ներկայ եւ ննջեցեալ հիմնադիր ընկերուհիներուն անունները: Շեշտը դնելով «Սիփան»ի արդիւնաւէտ գործունէութեան վրայ ան ըսաւ․ ««Սիփան»ի ընկերուհիները հո՛ն էին, երբ հայ դպրոց կը հիմնուէր: «Սիփան»ի ընկերուհիները հո՛ն էին երբ Ս. Աստուածածին եկեղեցին կը հիմնուէր: «Սիփան»ի ընկերուհիները հո՛ն էին, երբ Կլենտէյլի սրտին մէջ, հիմը կը դրուէր Հայ Երիտասարդական կեդրոնին, որ խաչմերուկը պիտի դառնար մեր ազգային կեանքին եւ գործունէութեանց: Աւելի՛ն, «Սիփան»ի օրհնաբեր ձեռքը հասած է Հայաստան, Երեւանի եւ Հադրութի ծնողազուրկ երեխաներու հովանաւորութեան՝ ՀՕՄի Sponsor a Child ծրագիրին ընդմէջէն:
«Հաւատարիմ իր կոչումին, «Սիփան»ը հո՛ն էր, Արցախի ազատագրական պայքարին եւ 44օրեայ պատերազմին, հասնելով հայ ազատամարտիկին կարիքներուն ու տեղահանուած արցախցիներու կարիքներուն, ու տակաւի՛ն, «Սիփան»ը մշտարթուն պահակի նման կը հսկէ, որ անարդարօրէն բռնագրաւուած Արցախը ե՛տ բերենք:
«Փա՜ռք ու Պատի՜ւ «Սիփան»ի ընկերուհիներուն, որոնք կը շարունակեն իրենց հովանիին տակ պահել կարիքաւորն ու անտէրը, տարեցն ու մենակեացը, գաղթերու պատճառով ցրիւ եկած ազգի զաւակներն ու հայեցիութեան կարօտ իր աշակերտները, միշտ թրծելով զիրենք հայաշունչ ոգիով»:
Տեսերիզի վրայ, ամբողջ յայտագիրին ընթացքին ցուցադրուեցան մասնաճիւղի յիսնամեայ գործունէութիւնը ցոլացնող պատմական լուսանկարներ, ուր ներկաներէն շատեր յուզումով վերապրեցան իրենց անցեալի քաղցր յուշերու վկայութիւններէն քաղուածք մը:
Սրտի խօսք արտասանեց Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի Սուսաննա Դաւթեան եւ բեմ հրաւիրեց վարժարանի աշակերտները, որոնք իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, տպաւորիչ շքերթով մուտք գործեցին սրահ: Անոնք օրուան յայտագիրին փայլք տուին, երբ ելոյթ ունեցան ռազմահայրենասիրական ճոխ երգացանկով, առաւել եւս ոգեւորելով ներկաները եւ արժանանալով անոնց ջերմ ծափողջոյններուն:
Շաբաթօրեայ վարժարաններու բոլոր ներկայ տնօրէնուհիները մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ստացան գնահատանքի ծաղկեփունջեր:
Ապա կատարուեցաւ մեծարանքի արարողութիւնը:
Ըստ արժանւոյն, «Պատուոյ գիր»եր ստացան «Սիփան» մասնաճիւղէն 13 ընկերուհիներ, որոնք 50 տարիներէ ի վեր ՀՕՄի կը ծառայէին:
Յատուկ յիշատակութեան արժանացան «Սիփան»ի 23 հիմնադիրները: Անոնցմէ ներկայ գտնուող երեք ՀՕՄուհիներուն՝ Լուսին Մելիքեանին, Շաքէ Քումճեանին եւ Անոյշ Ն. Աւագեանին յանձնուեցան գնահատանքի յուշատախտակներ:
Առանձնայատուկ յիշատակութեան արժանացաւ վաստակաւոր ՀՕՄուհի, միութենական եւ հասարակական գործիչ Սեդա Խոճայեանը: Մելքոնեան Խոճայեանը բնութագրեց հետեւեալ խօսքերով․ «ՀՕՄուհիի բոլոր ազնուագոյն յատկանիշները իր մէջ խտացնող եւ ամբողջութեամբ շո՛ւնչ, հոգի՛ ու ոգի՛ դարձած ընկերուհի Սեդա Խոճայեան կը մարմնաւորէ հայ կնոջ առաքինութիւններուն մեծագո՛յնը՝ նուիրումի եւ զոհաբերումի յատկանիշները, իբր կին, մայր, մեծ մայր, քոյր, եւ իր գործունէութեամբ օրինակելի՝ տիպար միութենական»:
Շարունակելով, ան վկայեց, որ հայոց լեզուի բոլոր վերադիրները անբաւարար են նկարագրելու մեծարեալին բազմակողմանի արժանիքները, զայն համարելով մարդկայինի եւ ազգայինի ներդաշնակութիւն մը, որ իր մէջ զօրաշարժի ենթարկած է մի՛տք, սի՛րտ ու մկա՛ն:
«Ամբողջ գաղութ մը երախտապարտ է ընկհ. Սեդային, որ սիրոյ, նուիրումի եւ կենդանի գործի կերպարն է: Վարձքդ կատա՛ր», եզրափակեց ան:
Այս առթիւ, վարչութիւնը Խոճայեանը գնահատեց ՀՕՄի «Պատուոյ յուշատախտակ»ով: Ան պատուոյ գիրերու արժանացաւ նաեւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային բարձրաստիճան գրասենեակներու կողմէ:
Խօսք առաւ Խոճայեան եւ փոխանցեց իր երախտիքի խօսքը, ուղղուած ՀՕՄին, հայ համայնքին, անդրադառնալով իր կամաւոր ծառայութեան երթին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով իր մասին եղած գնահատանքի խօսքերուն եւ մեծարանքին համար:
Մասնաճիւղի 50ամեակին առթիւ, քաղաքապետ Նաճարեան վարչութեան փոխանցեց գնահատանքի յուշագիր մը: Նմանապէս, «Սիփան» մասնաճիւղը արժանացաւ դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային գրասենեակներու կողմէ գնահատագիրներու:
Այս առթիւ նաեւ շնորհաւորանքի ուղերձներ յղեցին Արուս Մելքոնեան եւ Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեան:
Յիսնամեակի նուիրատու մոմավառները ստացան իրենց մոմակալները, որոնք խորհրդաւոր կերպով լուսաւորեցին սրահը, ապա կատարուեցաւ 50ամեակի կարկանդակի հատումը:
Կ՛արժէ յիշել, որ ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներն էին Մայքըլ եւ Էվելինա Սարեան ամոլն ու The Gaska Alliance Foundation-ը:
Ձեռնարկին գլխաւոր նուիրատուներէն էր Le Papilion նուէրներու վաճառատան սեփականատէր՝ Նազ Աթիքեան, որ իր նիւթաբարոյական աջակցութեամբ մեծ ներդրում ունեցած էր այս ձեռնարկի յաջողութեան մէջ:
Երեկոն ճոխացուցին երգիչ Վարանդն ու իր նուագախումբը: Ներկաները ընկերակցեցան հայկական ժողովրդական շուրջպարերով :
50ամեակի բոլորումով, «Սիփան» մասնաճիւղը կը շարունակէ իր երթը վերանորոգ թափով, նո՛ր մարտահրաւէրներու ընդառաջ, շարքերու երիտասարդացման տեսլականով, հաւատարիմ՝ Է. Ակնունիի «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» հրամայականին:
(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչ յանձնախումբէն)