image

Հայկազեան Համալսարանի թուային պահոցը (Hu Repository) 


Հայկազեան Համալսարանի թուային պահոցը (Hu Repository) 


Այսու կը յայտարարենք, որ Հայկազեան համալսարանի թուային պահոցը (HU Repository), որուն մեկնարկը տրուեցաւ 28 Ապրիլ 2025-ին Տէրեան հայագիտական գրադարանին մէջ, բաց է հանրութեան առջեւ եւ իր մէջ կ'ընդգրկէ գիտական ու ակադեմական բազմաթիւ նիւթեր, որոնք եթէ մէկ կողմէ կ'արտացոլեն Սփիւռքի ու Հայաստանի գիտական մտքի բեղուն արգասիքը, միւս կողմէ անկեղծ ու հա-ւաստի վկայարան կը հանդիսանան համալսարանի եօթանասունամեայ կրթական վեհ առաքելութեան եւ ուսումնական բարձր մակարդակին:

17 Փետրուար 2026-ի դրութեամբ պահոցը կ'ընդգրկէ 1137 նիւթ. այսպէս՝

  • «Հայկազեան հայագիտական հանդէս» – 48 հատոր (1970-2025) եւ 757 յօդուած (1970-2016)
  • Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատուն – 25 գիրք 
  • Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոն – 2 գիրք, 8 գիտաժողովի նիւթ եւ վեր-ջինէս առանձնացուած 39 զեկոյց          
  • Faculty of Business Administration and Economics – 83 աւարտաճառ
  • Faculty of Social and Behavioral Sciences – 175 աւարտաճառ 

Վերոնշեալ նիւթերը ստացած են թուային առարկայի նոյնականացուցիչ (Digital Object Identifier – DOI), որ անհրաժեշտ է ո՛չ միայն անոնց տեսանելիութեան ու հասանելիութեան բարձրացման, այլեւ  թուային ինքնութեան հաստատման ու գիտական հետազօտութիւններու մէջ պատշաճ յիշատակման ու միջազգային ճանաչման համար:

Նշենք, թէ սոյն նոյնականացուցիչները ստանալու նպատակով համալսարանը 29 Մարտ 2024-էն պաշտօնապէս անդամակցած է Crossref միջազգային կազմակերպութեան, որ կը համակարգէ գի-տական հրատարակութիւններու նոյնականացուցիչի նշանակման գործընթացը՝ միաժամանակ ապա-հովելով անոնց միջազգային գրանցումն ու տարածումը:

Այսպիսով համալսարանը իր համեստ ներդրումը կը բերէ գիտա-ուսումնական աշխատութիւն-ներու համախմբման ծառայող թուային ենթակառուցուածքներու ձեւաւորման մէջ, ինչը կը նպաստէ գի-տելիքի պահպանման ու մատչելիութեան՝ փրկելով զայն ամբողջական կորուստէ:

Պահոց մուտք գործելու համար պարզապէս պէտք է սեղմել ներքոբերեալ յղումին վրայ.

https://haigrepository.haigazian.edu.lb/home

Որոնումներ կարելի է կատարել մատենագիտական տարբեր տուեալներու միջոցով. հեղինակի անուն, նիւթի վերնագիր, հրատարակութեան թուական, թեմա եւ այլն:

Բոլոր նիւթերը, բացի մագիստրոսական աւարտաճառերէն, կարելի է ազատօրէն ներբեռնել ու օգտագործել: Իսկ աւարտաճառերուն հասանելիութեան իրաւունք ստանալու համար պէտք է կապուիլ մեզի հետ՝ գրելով library@haigazian.edu.lb ե-հասցէին:

Ծրագիրը աւարտած չէ, եւ պահոցը պարբերաբար պիտի հարստանայ նորանոր նիւթերով՝ իր մէջ ընդգրկելով այն բոլոր մտաւոր արտադրութիւնները, որոնք գիտական ու կրթական երկարամեայ գործունէութիւնը կը բնորոշեն Հայկազեան համալսարանի:

 

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
ՏԷՐԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐ