image

Արիւնալի գիշեր Լիբանանի արեւելեան շրջաններուն մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Արիւնալի գիշեր Լիբանանի արեւելեան շրջաններուն մէջ. Կան տասնեակ զոհեր

Այս բոլորին զուգահեռ Լիբանանի կառավարութիւնը յայտնուած է անել կացութեան մը առջեւ, իսկ Լիբանանի դիմադրութեան ճակատը եւ Իրան կը շարունակեն բաւարարուիլ իրողութիւնները դատապարտելով։


Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Միացեալ Նահանգներ-Իրան գերլարուած իրավիճակին զուգահեռ Լիբանան դարձեալ յայտնուած է «Քաւութեան նոխազ»ի տխուր դերին մէջ։

Իսրայէլ անխնայ կերպով կը հարուածէ Լիբանանի տարբեր շրջանները, յաճախ պատճառելով տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ։

Երէկ եղած հարուածներուն հետեւանքով զոհուած են տասը քաղաքացիներ եւ վիրաւորներ։

Պեքաայի շրջաններուն մէջ եղած հարուածներուն հետեւանքով զոհուածներուն մեծ մասը անզէն քաղաքացիններ են։

Այս բոլորին զուգահեռ Լիբանանի կառավարութիւնը յայտնուած է անել կացութեան մը առջեւ, իսկ Լիբանանի դիմադրութեան ճակատը եւ Իրան կը շարունակեն բաւարարուիլ իրողութիւնները դատապարտելով։

Ստորեւ երէկ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին ամփոփ լրատւութիւնը՝

Երէկ երեկոյեան իսրայէլեան արիւնալի հարուածներ հասցուց Լիբանանի Արեւելեան շարք մը շրջաններու մէջ։ Թիրախ դարձան Ռիաք (Զահլէի գաւառ), Պտնայէլ, Թեմնին Թահթա գիւղերուն մէջ գտնուող բնակելի շէնքեր, ինչպէս նաեւ Նապի Շիթ աւանի մէջ գտնուող Շաարա շրջանը։

Հարուածներուն հետեւանքով արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, իսկ բնակելի թաղամասերու մէջ լայնածաւալ՝ աւերներ։ Փրկարարական խումբերը կը շարունակեն որոնողական եւ փլատակներու հեռացման աշխատանքները։ Ռիաքի հիւանդանոց հասած են նաեւ մարմնական բեկորներ, ինչ որ կը դժուարացնէ զոհերու վերջնական թիւի ճշգրտումը։ Կան տեղեկութիւններ, թէ հարուածներէն մէկուն հետեւանքով ամբողջ ընտանիք մը զոհուած է։

Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութեան Հանրային առողջապահութեան շտապ գործողութիւններու կեդրոնը հաղորդեց, թէ «իսրայէլեան օդային հարուածները Պեքաայի աւելի քան մէկ բնակավայրի մէջ պատճառած են 10 նահատակներ եւ 24 վիրաւորներ, որոնց շարքին՝ երեք մանուկ»։

Պեքաայի մէջ արձանագրուած հարուածներէն մէկուն թիրախը, Ալի Նահրի բնակավայրին մէջ գտնուող բնակարան մըն էր։ Նշուած է, թէ թիրախ դարձած է «Հըզպալլա»-ի ղեկավար անդամներէն Հիւսէյն Եաղին, որ նախկին երեսփոխան Մոհամմատ Հասան Եաղիի որդին է։ Վերջինս քաղաքական ականաւոր դէմք մըն է եւ շարժումին հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ 1982 թուականէն ի վեր, զբաղեցուցած է նաեւ ղեկավար պաշտօններ։

Տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, թէ նոյն բնակարանին մէջ եղած են նաեւ Մոհամմատ Իպրահիմ Մուսաուին եւ Ալի Զէյտ Մուսաուին։ Կան նաեւ չհաստատուած լուրեր, թէ թիրախ դարձած է Իրանի Յեղափոխական պահակազօրի տարր մը։

Դաշտային աղբիւրներ կը կանխատեսեն, որ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ՝ նկատի ունենալով, որ հարուածները տեղի ունեցած են խիտ բնակեցուած շրջաններու մէջ։ Ռիաքի հիւանդանոցը շտապ կոչ ուղղած է՝ արիւն նուիրաբերելու բոլոր կարգի արեան խումբերու համար։

Նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ իսրայէլեան ռազմական նաւ մը նախքան իֆթարի ժամը թիրախ դարձուցած է Այն էլ-Հըլուէ գաղթակայանը, ինչ որ պատճառ դարձած է երկու զոհի եւ քանի մը վիրաւորի։