Օրերս, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ մասնակցած են Յիսուսի Քրիստոսի Քառասնօրեայ Տաճար Ընծայման նախատօնակի արարողութեան։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ 13, Փետրուար 2016,ին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հաւատաւոր զաւակները մեծ ուրախութեամբ և ցնծութեամբ միասնաբար մասնակից ու աղօթակից դարձան մեր Տիրոջ և Փրկիչին Յիսուսի Քրիստոսի Քառասնօրեայ Տաճար Ընծայման նախատօնակի արարողութեան։
Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան արարողութեան ընթացքին քարոզեց և փոխանցեց օրուան խորհուրդն ու իմաստը, թէ Տէրը Աշխարհ եկաւ իբրեւ անշեջ լոյս և կը լուսաւորէ բոլոր անոնց որոնք Սիմոն ծերունիին հոգիով կ՝ապրին սպասելով Տիրոջ խոստումին ու փրկութեան։
Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ մանուկներու օրհնութիւն և Տաճար ընծայում։ Ապա եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարուեցաւ աւանդական Տէրնտեսի հրավառութիւնը, նոյն պահին Համազգայինի Լաթաքիոյ Վահան Նավասարդեան մասնաճիւղի Գեղարդ պատանեկան պարախումբը մասնակցեցաւ հայկական ճոխ պարերով ընկերակցութեամբ տոհուլի և զուրնայի կենդանի կատարողութեամբ և ներկաներուն շուրջպարով։


