image

Իսրայէլէն նախազգուշացում՝ Լիբանանին

Իսրայէլէն նախազգուշացում՝  Լիբանանին

Իսրայէլ սպառնացած է Լիբանանին՝ իր տարածքին մէջ գտնուող թիրախներուն հզօր հարուածներ հասցնելով, եթէ լիբանանեան շիա «Հըզպալլա» շարժումը միջամտէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ հնարաւոր հակամարտութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ»-ը՝ վկայակոչելով լիբանանցի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։

«Իսրայէլ միջնորդաւորուած կերպով հասկցուցած է Լիբանանին, որ հզօր հարուածներ պիտի հասցնէ երկրին՝ որպէս թիրախ ընտրելով քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, ներառեալ օդակայանը, եթէ «Հըզպալլա»ն միջամտէ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ հնարաւոր պատերազմին», գրած է գործակալութիւնը։