Իրանի բանակին պատկանող ուղղաթիռը փետրուար 24-ին Սպահանի նահանգին մէջ ինկած է միրգի շուկայի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած են ուղղաթիռի երկու օդաչուները եւ երկու վաճառական։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։
Տեղական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ուղղաթիռը ինկած է Տորչեհ քաղաքին մէջ, որու հետեւանքով հրդեհ բռնկած է, որ մարուած է արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններու կողմէ։
Պետական հեռուստատեսութիւնը ցուցադրած է ուղղաթիռի բեկորներու եւ ծուխի պատկերներ՝ նշելով, որ ռազմական ուղղաթիռը ուսումնական թռիչք կը կատարէր։
Անցեալ շաբաթ Համատանի նահանգի արեւմտեան մասին մէջ, ուսումնական թռիչքի ընթացքին, Իրանի ռազմաօդային ուժերուն պատկանող՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած F-4 կործանիչ մը աղէտի ենթարկուած էր, որու հետեւանքով մէկ օդաչու զոհուած էր։