Օրերս Այնճար հայաւանին մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայագիւղի երէց սերունդի անդամներէն, նուիրեալ մայր՝ Վարդուհի Շաննաքեան Թիւմպէրեանը։
Կիսելով այս վիշտը ստորեւ կը ներկայացնենք հանգուցեալի մահազդը, որ հրապարակուած էր համացանցով։
Տիար Արա Թիւմպէրեան
Տիար Տիգրան Թիւմպէրեան
Տիար Պերճ Թիւմպէրեան եւ Խօսեցեալը Արազ Քէլեան
Օրդ Լալա Թիւմպէրեան
Տէր և Տիկ Յակոբ և Մարօ Քէօֆթէեան և դուստրերը Սարին և Արազ
Տէր եւ Տիկ Միսաք և Զեփիւռ Պագգալեան եւ զաւակները Մեղրի և Մոսիկ
Օրդ Մարի և Սոնա Շաննաքեան
Տէր և Տիկ Պօղոս Շաննաքեան և զաւակունք
Տիկ Սիլվա Շաննաքեան և դուստրերը
Օրդ Յասմիկ Թիւմպէրեան
Տիկ Մարիժան Թիւմպէրեան
Տիկ Լիզա Թիւմպէրեան
և համայն Թիւմպէրեան, Շաննաքեան, Քէօֆթէեան, Պագգալեան, Տէր Վարդանեան և Քէլեան ընտանիքներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ և հարազատին
Վարդուհի Շաննաքեան Թիւմպէրեանի
(Ծնեալ 1947֊ին)
մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 14 Փետրուար 2026֊ին։
Յուղարկաւորութեան պաշտամունքը պիտի կատարուի, Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ին, կէսօրուայ ժամը 12։00-ին, Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի Ազգային գերեզմանատունը։
Ներկայիս ընդունիլ իբրեւ մահազդ։
Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, «Հետուիկ» սրահէն ներս։
Իսկ յաջորդող օրերը հանգուցեալին բնակարանը։
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Այնճարի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ։