Երգերով դիմաւորած են այսօր Սուրիայէն Երեւան ժամանած ուղեւորները: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Զուարթնոց»ի օդակայան գտնուող աղբիւրէ մը: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Դամասկոսէն Երեւան ժամանողներուն մէջ էր նաեւ Սուրիոյ մօտ ՀՀ դեսպան պրն. Արշակ Փոլատեանը: Նոյն առիթով օդակայան ժամանած է Հայաստանի մօտ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Մոհամմատ Իսամ Նայալ: Այսօր Դամասկոսէն Երեւան հասած են շուրջ 95 ուղեւորներ եւ Սուրիա մեկնած՝ շուրջ 85 ուղեւորներ:
Նշենք, որ Երեւան-Դամասկոս ուղիղ թռիչքները կ'իրականացուին Sham Wings ընկերութեան ջանքերով:
Սոյն թռիչքներով հալէպահայ մեր հայրենակիցներ Դամասկոս հասնելէ ետք Խանասէր» ցամաքային ճանապարհով կը հասնին Հալէպ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Sham Wings-ի թռիչքով Դամասկոս ու ապա Հալէպ մեկնած էին 78 ուղեւորներ:
Լուսանկարը ՝ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի արխիւէն: