image

Ուքրանիան ունի նոր վարչապետ

Ուքրանիան ունի նոր վարչապետ

 

Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատան հաստատած է Ալեքսէյ Կոնչարուկը երկրի վարչապետի պաշտօնին, կը գրէ lenta.ru-ն: Նշանակման հաւանութիւն տուած է 290 պատգամաւոր:

Իր ելոյթին մէջ նորանշանակ պաշտօնեան խօսած է երկրի տնտեսական խնդիրներու, մասնաւորապէս՝ յառաջիկայ տարիներուն երկրի պարտքերը մարելու անհրաժեշտութեան մասին, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ նոր կառավարութեան գլխաւոր առաջադրանքներէն մէկը փտածութեան դէմ պայքարը պիտի ըլլայ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր «Ժողովուրդի ծառայ» կուսակցութեան հետ համաձայնեցուցած էր Կոնչարուկի թեկնածութիւնը:

Նախարարներու գրասենեակի նոր ղեկավարը զբաղցուցած է նախագահի գրասենեակի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնը, ուղեկցած է նախագահին աշխատանքային ուղեւորութիւններու եւ տնտեսական հարցերուն վերաբերող այցելութիւններու ժամանակ: Անկէ առաջ ան ղեկավարած է Եւրոմիութեան կողմէ Ուքրանիոյ գործնական կլիմայի բարելաւման համար ստեղծուած ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը:

Կոնչարուկ իր քաղաքական ասպարէզը սկսած է նախկին նախագահ Պէոթր Փորոշենքոյի օրօք, ան եղած է առաջին փոխվարչապետ Ստեփան Քուպիւի խորհրդականը եւ բնապահպանութեան նախարար Իկոր Շեւչենքոյի արտահաստիքային խորհրդականը: