image

«ԵՄ-ի միանալու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովիոյ բանակցութիւնները բացուած են». Ֆոն Տէյր Լայէն

«ԵՄ-ի միանալու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովիոյ բանակցութիւնները բացուած են». Ֆոն Տէյր Լայէն

ԵՄ-ի բոլոր անդամ պետութիւնները համաձայնած են բանալ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւններու առաջին փուլը, յայտարարած է Եւրոպական Յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէնը։

«Այսօր Եւրոպական Միութիւնը մեծ քայլ ըռաւ առաջ։ Բոլոր անդամ պետութիւնները համաձայնած են բանալ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ ԵՄ անդամակցութեան բանակցութիւններու առաջին փուլը։

Երկուշաբթի օր նախատեսուած առաջին միջկառավարական համաժողովին մենք պիտի բանանք ԵՄ անդամակցութեան գործընթացի հիմքը կազմող հիմնարար սկզբունքներուն նուիրուած բաժինը։ Սա կը ներառէ Եւրոպական Միութեան կառուցուածքը կազմող հիմնական արժէքներն ու սկզբունքները՝ օրէնքի գերակայութենէն մինչեւ ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններ։ Սա կը ճանչնայ երկու երկիրներու կողմէ ցուցաբերուած վճռականութիւնը, քաջութիւնն ու տքնաջան աշխատանքը՝ բարեփոխումները առաջ մղելու գործին մէջ, հակառակ հսկայական մարտահրաւէրներուն։ Եւ սա ազդանշան է, որ ԵՄ-ի կողմէ խաղաղութեան, կայունութեան եւ հնարաւորութիւններու առաջարկը անգերազանցելի է։

Ընդլայնումը ռազմավարական ընտրութիւն է։ Մեր երկիրները միաւորելով՝ մենք կ՚ամրապնդենք խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու բարգաւաճումը մեր մայրցամաքին մէջ։ Աճող անորոշութեամբ բնութագրուող աշխարհին մէջ Եւրոպական Միութեան ընդլայնումը կը բխի մեր ընդհանուր շահերէն։

 

Ընդլայնումը կը մնայ ԵՄ-ի ամէնէն յաջող նախագիծերէն մէկը եւ մեր ընդհանուր ապագային ուղղուած լաւագոյն ներդրումը»,– նշած է ան։