Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Նէֆթալի Պէնէթի կազմուելիք նոր կառավարութեան հարցը պիտի վճռուի յառաջիկայ կիրակի օր։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ կայանը նշելով, որ Իսրայէլի Քընէսէթը յառաջիկայ կիրակի օր արտահերթ նիստ մը գումարել պիտի վճռէ նոր կառավարութեան կազմութեան խնդիրը։
Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն երկու ընդդիմադիր գործիչներ Նէֆթալի Պէնէթ եւ Եայիր Լաբիտ իրար միանալով իրաւունք ստացան նոր կառավարութիւն կազմելու կապակցութեամբ, իսկ եթէ կիրակի օր անոնք ստանան խորհրդարանի նեցուկը, ապա Նաթանիահու ամբողջապէս դուրս պիտի գայ քաղաքական բեմահարթակէն։