image

Յաւերժութեան անցաւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի նուիրեալ անդամուհի Տիկին Շուշան Տէր Վարդանեանը

Յաւերժութեան անցաւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի նուիրեալ անդամուհի Տիկին Շուշան Տէր Վարդանեանը

Տասնամեակներ շարունակ ազգային ու միութենական կեանքին իր նուիրումով մասնակցած Տիկին Շուշան Տէր Վարդանեանը անմոռանալի հետք ձգեց  Երուսաղէմի ՀԵՄ-ի եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն մէջ։ Իր հաւատարմութեամբ, ծառայասիրութեամբ եւ համեստ կեցուածքով ան արժանացաւ բոլորին յարգանքին ու սիրոյն։

Անոր մահը խոր վիշտ պատճառեց միութենական ընտանիքին, որ երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր բազմամեայ ներդրումն ու նուիրեալ ներկայութիւնը։ Այս կորուստը զգալի բաց մը կը ձգէ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի կեանքին մէջ։

Այս տխուր առիթով, միութենական շրջանակները աղօթքով եւ երախտագիտութեամբ կը խոնարհին անոր յիշատակին առջեւ՝ մաղթելով, որ Ամենակալ Աստուած հանգիստ պարգեւէ անոր հոգիին եւ մխիթարութիւն շնորհէ հարազատներուն։

Ստորեւ  հանգուցեալի  մասին  ՀԵՄ-ի կողմէ հրապարակուած մահագրականը՝

ՄԱՀԱԶԴ


ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Վարչութիւնները խոր ցաւով կը գուժեն նուիրեալ անդամուհի Տիկին Շուշան Տէր Վարդանեանի մահը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Յունիս, 2026-ին։



Տարիներու ընթացքին, Տիկին Տէր Վարդանեանը մնաց հաւատարիմ եւ նուիրեալ զօրակից ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի, ինչպէս նաեւ արժանացած է Միութեանս նուիրեալ եւ գործոն անդամի շքանշանին։


Այս տխուր առիթով, մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ընկեր Բիւրակ Տէր Վարդանեանին եւ Ընկերուհի Նայիրի Արաքէլեանին, ինչպէս նաեւ ընտանիքի բոլոր անդամներուն եւ հարազատներուն։


Կ'աղօթենք, որ Ամենակալ Աստուած հանգիստ պարգեւէ անոր հոգիին եւ մխիթարութիւն ու զօրութիւն շնորհէ իր ընտանիքին։


Թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 14 Յունիս, 2026-ին, Հայոց Սուրբ Փրկիչ գերեզմանատան մէջ ապա տեղի պիտի ունենայ հոգեսուրճ Միութեանս Թէքէեան Սրահէն ներս։

Յաւերժ յիշատակ արդարոց