image

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքն ընտրութիւններու արդիւնքները չեղարկելու դիմում կատարած է

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքն ընտրութիւններու արդիւնքները չեղարկելու դիմում կատարած է

«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեանը յունիս 19-ին Սահմանադրական դատարան մուտքագրած է Ազգային ժողովի յունիս 7-ի ընտրութեան արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու վերաբերեալ դիմումը։

Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի մամուլի խօսնակ, պատգամաւորի թեկնածու Մարիաննա Ղահրամանեանը։

Ան յայտնած է, որ դաշինքը կը պահանջէ անվաւեր ճանչնալ Հայաստանի Հանրապետութեան կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի 2026 թուականի յունիս 14-ի՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 2026 թուականի յունիս 7-ի ընտրութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ» թիւ 258-Ա որոշումը եւ անվաւեր ճանչնալ ընտրութիւններու արդիւնքները կամ նշանակել ընտրութիւններու երկրորդ փուլ։

Հայաստանի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յունիս 14-ին ամփոփած է յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքները։ Ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարան անցած է երեք քաղաքական ուժ՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը (726 հազար 819 ձայն, 49.7456 տոկոս), «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը (340 հազար 006 ձայն, 23.2710 տոկոս) եւ «Հայաստան» դաշինքը (144 հազար 983 ձայն, 9.9231 տոկոս): «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը նոր ձեւաւորուելիք խորհրդարանէն ներս պիտի ունենայ 64 մանտաթ, «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը՝ 29 մանտաթ, «Հայաստան» դաշինքը՝ 12 մանտաթ։