image

Սկզբունքօրէն ես այլ կարծիք ունեցած եմ․ Մոժթապա Խամենէի

Սկզբունքօրէն ես այլ կարծիք ունեցած եմ․ Մոժթապա Խամենէի

Իրանի Գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Մոժթապա Խամենէին յայտարարութիւն տարածած է Միացեալ Նահանգներու հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ հաստատած է խաղաղութեան համաձայնութիւնը, թէեւ ունեցած է «այլ տեսակէտ»։ Ինչպէս կը հաղորդէ Tehran Times-ը, Խամենէին մասնաւորապէս նշած է, որ «Միացեալ Նահանգներու նախագահն էր, որ յուսահատութենէ մղուած դիմեց տարբեր միջոցներու՝ այս արդիւնքին հասնելու համար»։

«Սկզբունքօրէն ես ունեցած եմ այլ կարծիք։ Այնուամենայնիւ, հիմնուելով Իրանի ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու վերաբերեալ [Իրանի] նախագահի՝ որպէս Գերագոյն ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղրկավար, ստանձնած պարտաւորութեան վրայ, ես թոյլատրեցի այս քայլի իրականացումը։ Ան նաեւ յստակ յայտարարած է, որ եթէ ամերիկեան կողմը ներկայացնէ չափազանցուած զիջումներու պահանջներ, ատոնք պիտի չընդունուին»,– ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Մոժթապա Խամենէիի խօսքով՝ ԱՄՆ-ի հետ «դէմ առ դէմ բանակցութիւններ» պիտի կատարուին ապագային, սակայն այդ չի նշանակեր «ընդունիլ հակառակ կողմի տեսակէտը»։