image

Ուաշինկթըն.Էրտողանի կողմնակիցները յարձակած են խաղաղ ցուցարարներուն վրայ (Տեսանիւթ)

Ուաշինկթըն.Էրտողանի կողմնակիցները յարձակած են խաղաղ ցուցարարներուն վրայ (Տեսանիւթ)

Թուրքիոյ նախագահի կողմնակիցները յարձակած են Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցի մասնակցած խաղաղ ցուցարարներուն վրայ:

Այս մասին կը տեղեկանանաք Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախմբի Facebook-եան էջէն, ուր տեղադրուած տեսաննիւթին մէջ կ'երեւի, թէ ինչպէս գործուած յարձակումը հետեւանքով մի քանի ցուցարարներ լուրջ վնասուածքներ ստացած են եւ անոնց վրայ արեան հետքեր կան։

Հայ դատի յանձնախմբէն յայտնած են, որ Սպիտակ Տան մօտ ցոյցերը կ'իրականացուէին խաղաղ, երբ Էրտողանի կողմնակիցները յարձակած էին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի տան մօտ հաւաքուած ցուցարարներու վրայ։

Նշենք, որ ամերիկահայերը միացած էին 16 մայիսին Սպիտակ Տան մօտ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին, որպէսզի իրենց բողոքը արտայայտեն Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի այցելութեան ու նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ անոր հանդիպման դէմ։ Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբը քրտական, յունական ու ասորական կազմակերպութիւններու հետ միասին բողոքի ցոյց կ'ընեն, որպէսզի ուշադրութիւն գրաւեն Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի ճնշումներուն ու երկրի սահմաններէն դուրս յարձակումներուն։

 

 

 

 

Տեսանիւթը ANCA -ի  Դիմատետրի էջէն