image

Տոմսքի մէջ հայերու վրայ յարձակած ատրպէյճանցիներուն դէմ քրէական գործ

Տոմսքի մէջ հայերու վրայ յարձակած ատրպէյճանցիներուն դէմ քրէական գործ

Տոմսքի պարերէն (գինետուն) մէկուն մէջ հայերու վրայ յարձակած ատրպէյճանցիներու դէմ քրէական գործ յարուցուած է Ռուսաստանի Քրէական օրէնսգիրքի 2 յօդուածով (ազգամիջեան երկպառակութեան հրահրում եւ ծեծ): Այս մասին ըսած է Ռուսաստանի հայերու միութեան փոխնախագահ Գերման Անանեանցը:

Անոր պարզաբանմամբ՝ միջադէպը, որու քատրերը վերջերս յայտնուած էին, տեղի ունեցած է նուազագոյնը 2 շաբաթ առաջ:

Գերման Անանեանցի խօսքով՝ ատրպէյճանցիներու յարձակման հետեւանքով երեք հայեր յայտնուած են հիւանդանոցը, անոնք հիմա արդէն տունն են:

«Ծեծկռտուքի ժամանակ ատրպէյճանցիներն իրենց թոյլ են տուել ազգայնական, հակահայկական բնոյթի պղաւոցներ՝ հայերից պահանջելով լքել պարը: Այժմ ատրպէյճանցիներից մէկը կալանաւորուել է եւ քննչական մարմնին ցուցմունք է տալիս, եւս մէկը հետախուզման մէջ է: Վերջինին, համոզուած եմ, շուտով կը գտնեն: Ծեծկռտուքի բոլոր մասնակիցները Ռուսաստանի քաղաքացիներ են»,- ըսած է Գերման Անանեանցը:

Ան շեշտած է, որ իրավիճակը ոչ միայն դատախազութեան վերահսկողութեան տակ է, այլեւ Ռուսաստանի հայերու միութեան Տոմսկի մարզի տարածաշրջանային բաժանմունքի նախագահի, որ նախապէս Ներքին գործոց նախարար գնդապետ եղած է:

«Տեղական իշխանութիւններն ամբողջութեամբ մեզ են աջակցում: Այս գործընթացը կը հասցուի մինչեւ վերջ»,- հաւաստիացուցած է Անանեանցը: