Քիչ առաջ բախումներ արձանագրուած են Լեռնալիբանանի «Մազրաաթ եաշուհ» գաւառին մէջ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Լիպանոն ֆայլզ» կայքը, նշելով, որ բախումներուն հետեւանքով ինկած են եօթ վիրաւորներ։
Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ «Ազատ ազգային հոսանք» կուսակցութեան համակիրներ յարձակում գործած են նշուած գաւառակին մէջ բողոքի ցոյցեր կատարող քաղաքացիներուն վրայ։ Աղբիւրը նաեւ ըսած է, որ շրջանին մէջ լարուածութիւն գրանցուած էր այն պահէն ետք, երբ ցուցարարները փորձած են հանել շրջանի շէնքերէն մէկուն վրայ տեղադրուած նախագահ Աունի մեծադիր պատկերը։
Դէպքէն որոշ ժամանակ անց շրջան հասած են լիբանանեան բանակի զինուորներ՝ վերահսկողութեան տակ առնելով ամբողջ շրջանը։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ ծաւալած բողոքի ալիքէն ետք, այս առաջին անգամը չէ, որ նման բախումներ կը գրանցուին եւ տարբեր շրջաններու մէջ եւս նման դէպքեր պատահած են։