image

Տոհմիկ պարեր եւ խարոյկ. Այնճարցի երիտասարդներ այսպէս մասնակցեցան Լիբանանի ցոյցերուն (Վիտէօ)

Տոհմիկ պարեր եւ խարոյկ. Այնճարցի  երիտասարդներ այսպէս  մասնակցեցան Լիբանանի ցոյցերուն (Վիտէօ)

Մեծ թիւով այնճարցի  երիտասարդներ,  հայկական աւանի կեդրոնը մեծ  խարոյկ մը վառելով  եւ  խարոյկին շուրջ  տոհմիկ պարեր  պարելով,  իրենց մասնակցութիւնը բերած  են Լիբանանի  մէջ ընթացող ցոյցերու ալիքին։ 

Համեմատելով  այլ շրջաններու հետ՝ Այնճարը կը համարուի  բարեկարգուած, օրինապահ, մաքուր  եւ  մասնաւորապէս  ապահով շրջան մը, սակայն   լիբանանահայ  երիտասարդներ  նպատակայարմար   գտած են  իրենց զօրակցութիւնը   ցոյց  տալ իրենց  հայրենակիցներուն։ 

Յիշեցնենք, որ   այսօր   Լիբանանի  տարածքին   ծայր  առած  բողոքի ալիքին   չորրորդ    օրն է.  ըստ    տեղական ԶԼՄ-ներու   այսօր ՝ կիրակի, բողոքի  ցոյցերը պիտի ըլլան աննախադէպ ու  կը սպասուի  նաեւ, որ Պէյրութի  կեդրոնական հրապարակներուն վրայ   հաւաքուածներուն թիւը գերազանցէ  անցնող  օրերուն  եղած    ընդհանուր պատկերը։