Վերջին օրերուն Պէյրութի մէջ եղած զարգացումներուն վերաբերեալ «Փոլիթիք» կայքը հարցազրոյց մը կատարած է Պէյրութի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի նախկին աշխատակից, լիբանանահայ Աւօ Զարմէնեանին հետ:
Նշենք, որ հարցազրոյցը ձայնային արձանագրութիւն է եւ անոր պարունակած կարեւոր տուեալներուն համար «Արեւելք» այն կը ներկայացնէ գրաւոր տարբերակով, արեւմտահայերէն:
Հարցազրոյցը վարած է լրագրող Պորիս Մուրազին։
-Յայտնի տուելաներ կա՞ն, թէ հայ համայնքը ի՞նչ կորուստներ ունի՝ զոհերու տեսքով, եւ քանի՞ վիրաւոր կայ հայ համայնքէն եւ ընդհանուր միւս բնակիչներէն:
Ճիշդ վիրաւորներու պարագան տակաւին յստակ թիւ չկայ, նախնական տուեալներով կան վեց հայ նահատակներ (նշենք, որ հայ նահատակներու թիւը բարձրացաւ եւ հասաւ 11-ի-խմբ.)։ Ընդհանուր առմամբ շատ բարդ է զոհերու վերջնական թիւ տալը, որովհետեւ կան մարդիկ, որոնց հետքն անգամ գտանելի չէ։ Իսկ կառոյցային իմաստով, հայկական հսկայ հաստատութիւններ կան, որ ամբողջապէս քանդուած են։
-Լուր յայտնուեցաւ, ուր խօսք կ'երթայ 200-250 հազար մարդոց մասին, որոնք անտուն մնացած են, այս պահին տուեալներ կա՞ն, թէ հայ համայնքէն քանի՞ մարդ անտուն մնացած է, քանի որ այդ պայթումը հայկական Պուրճ Համուտ թաղամասին մօտիկ էր:
Հայահոծ Պուրճ Համուտի պարագային անտուն մնացած հայորդիներ չունինք.Պուրճ Համուտի կից կամուրջ մը կայ, որ Պէյրութը կը բաժնէ, որուն մօտէն ալ գետ մը կ'անցնի, ատկէ անդին կան բնակարաններ, որ քանդուած են: Պուրճ Համուտը, եթէ օդային հեռաւորութեամբ պիտի ըսեմ, հազիւ 3 քմ հեռաւորութեան վրայ է նաւահանգիստէն, բայց Մար Մըխայէլի շրջանը , որ աւելի մօտ է նաւահանգիստին, հոն ամբողջապէս քանդուած բնակարաններ կան, բայց տակաւին յստակ տուեալներ չկան, թէ այնտեղ տուժածներուն իրական թիւը ի՛նչ է։
-Իսկ իշխանութիւններու, յատուկ ծառայութիւններու, ընդհանրապէս պաշտօնական տեղեկատւութեան համաձայն որո՞նք են պատասխանատուները, սա պատահական ինչ-որ բա՞ն էր, թէ՞ թիրախաւորուած հարուած, որովհետեւ հոս տարբեր վարկածներ կը շրջանառուին:
Մենք պատերազմի սերունդ ենք, մեր ականջէն բան մը չի փախիր, ռումբին տեսակը օդէն գիտենք, թէ ինչ տեսակի է... Իմ ունեցած վերջին տուեալներով դէպքի շրջանին մէջ օդանաւ մը կար, եւ բաւական մօտ էր...։ Եղան զոյգ պայթումներ, որոնցմէ ետք Իսրայէլ ստանձնեց հարուածները, եւ այստեղ զարմանալին այն է, որ այդ ստանձնումէն մի քանի վայրկեան վերջ եղած յայտարարութիւնը հերքուեցաւ...։ Իսրայէլ յայտարարեց, որ իրենք կապ մը չունին եղածին հետ։ Այս բոլորէն անդին սակայն տեղ մը, թաքնուած բան մը կայ: Եղածը միայն անկարելի է «ամոնեաք» նիւթի առկայութեան վերագրելը պարզապէս միամտութիւն է. եւ մինչեւ այս պահը, ոչ ոք յայտարարեց, կամ ըսաւ, թէ դէպքի պահուն Պէյրութի երկինքին վրայ օդանաւներ կային, սակայն այդ բոլորը նկարներով եւ վիտէօներով փաստուած է։ Ի վերջոյ երկու կողմէն թաքնուած բաներ կան, հակառակ ուժեր են, բայց միացեալ շահ մը կայ, եւ այդ բոլորին դիմաց կը շարունակեն լուռ մնալ։ Վերջաւորութեան ժողովուրդն է տուժողը:
-Հայաստանէն ի՞նչ աջակցութեան ակնկալիք ունի համայնքը եւ դուք ինչպէ՞ս ճիշդ կը համարէիք որ Հայաստանը արձագանգէր տեղի ունեցածին:
Ըստ իս, տարիներու փորձառութեանս համաձայն, ղեկավարութիւն մը կ'ուզենք, որ ամբողջ հայութիւնը հաւաքէ, ոչ թէ բաժնէ իրարմէ: Ես հակափաշինեանական չեմ, բայց Փաշինեան սիրող ալ չեմ, ըսեմ, պարկեշտ ըլլամ: Յստակ ըսեմ, որ սեւ- ճերմակի հարց պէտք չէ ըլլայ, հայը հայ է, այլեւս կը բաւէ իրար փետտենք , սփիւռք կամ հայրենիք՝ իրարու պէտք ունինք, բայց այս իրավիճակին մէջ, Լիբանանի կամ արաբական երկիրներու մէջ մենք կը հիւծինք, յստակ ծրագիր պէտք է համախմբելու բոլորը, իսկ համախմբելը ղեկավար կ'ուզէ։ Ղեկավար ըլլալ չի նշանակեր որ իր անձնական հաշիւներէն պէտք է մեկնի, այլ միմիայն հայկական շահերէն։
-Այս պահուն արձագանգ եղա՞ծ է, Հայաստանէն որեւէ աջակցութիւն կամ նման այլ հետաքրքրութիւն կա՞յ:
Անկեղծ ըսած, տակաւին բան մը չզգացինք գիտնի վրայ, պետական մակարդակի վրայ, բայց ինչ որ ֆէյսպուքեան ընկերներ ունիմ, որոնց հետ նոյնիսկ ծանօթութիւն չկայ, հսկայական էր թիւը անոնց, որ կը զանգեն, ըսելով թէ՝ ի՞նչ է վիճակնիդ. կը զգամ՝ ժողովուրդը մտահոգ է լիբանանահայութեամբ: Այսինքն այս մէկը հայը հայուն մօտ ըլլալու ապացոյցն է, բայց կարեւորը իրար մօտի բերելն է, հզօր Հայաստան կազմելն է: Աս չարիքը կրնանք բարիքի վերածել, եւ այդ է իրականութիւնը:
-Աւելցնելու որեւէ բան ունի՞ք, որեւէ ուղերձ ունի՞ք հայաստանցիներուն , իշխանութիւններուն փոխանցելու:
Քիչ առաջ մատնանշում ըրի, որ իսկապէս ղեկավարութիւն մը կ'ուզենք, որ հայերը համախմբէ, հզօր Հայաստան մը կազմելու համար: Այսինքն, Լիբանանը որ այս իրավիճակին մէջ է, կրնանք արագօրէն ծրագիր մը մշակել եւ գոդրծի անցնիլ։ Սփիւռքի նախարարութիւն ունէինք, այդ ալ ջնջեցին, ի վերջոյ ո՞վ պիտի զբաղուի սփիւռքահայութեան հարցերով...
Օրինակ մը տալու համար ըսեմ, որ շաբաթներ առաջ լիբանանահայ լրագրող մը Թուրքիոյ դէմ բան մը խօսեցաւ եւ աշխարհը տակնուվրայ եղաւ, եւ մենք Երեւանէն պաշտօնական արձագանգ մը չտեսնաք գետնի վրայ տակաւին: Այո՛, համաձայն եմ որ ՀՀ դեսպանատունը միշտ կապի մէջ էր մեր կառոյցներուն հետ, մեր կուսակցութիւններուն հետ եւայլն, բայց պետական չափանիշերու մէջ՝ թուրքը արձագանգեց, բայց Հայաստան չարձագանգեց. վերջաւորութեան ոչ թէ անհատի դէմ է եղածը, այլ սկսած են հայութեան հայհոյել եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «գովաբանել» եւ արդարացնել:
Ուրիշ մտահոգութիւն մըն ալ կայ, որ հայկական կողմը իր փրոփակնտային մէջ շատ տկար մնացած է։ Մինչ թուրքերը ծրագրուած աշխատանք կը տանին, իսկ մենք միայն պաշտպանողական դիրքերէ հանդէս կու գանք...
Լաւ է, որ ամբողջ սփիւռքի տարածքին որ հայ դատի գրասենեակներ կան, որ տեղ մը մեր դատը չմոռցուի եւ չանտեսուի ... ու այդ առումով ալ կը սպասեմ, որ ՀՀ իշխանութիւնները անկեղծ եւ անմիջական համագործակցութեան մը զարկ տան։