Այսօր նախատօնակ է. 13 Ապրիլ 1975-ին սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը։
Մնացածը ձեզմէ շատերը գիտեն, խորտուբրտ պատմութիւններ, արիւն, կորուստներ, արկեր եւ գեհէնի ամբողջ ճանապարհը, որմէ անցանք բոլորով։
Շատերուն հողը դրինք, շատերուն համար աղօթք ըրինք, շատերուն համար երազ պահեցինք, որ անպայման նորէն պիտի տեսնենք գալիք արեւծագին, բայց շատ անգամներ այդպէս չեղաւ։
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ առաւօտները կը դիմաւորէինք թաշն յոյսով մը, որ կամաց-կամաց ինքնասպան ըլլալու երակով կը մեծնար։
Հոն Պուրճ Համուտի մեր տան խոհանոցի անկիւնէն հեղ մը արեւը տեսնելու ու հեղ մըն ալ խաղաղութեան աղաւնին նկատելու յոյսով ապրեցանք։
Առանց ջուրի, առանց լոյսի, քանի մը հալած մոմերու պնակներով ու թաղի ծայրէն առնուած պուլկարական պանիրի բուրմունքով։
Պանիրը այդ օրերուն քիչ չէր, (պատերազմի առաջին փուլին դրամական մեծ հոսքեր եղան դէպի Պէյրութ եւ անշուշտ այդ բոլորը եղան ծրագրուած եւ սիսթէմաթիք ձեւով ու հեռահար նպատակներով, այլ խօսքով միջին Պէյրութցիին մօտ անգամ դրամը, ի հեճուկս այսօրուան պատկերին, երբեք քիչութիւն չըրաւ) մեր երազին պէս , որ չես գիտեր ինչ ամեհի ամայութիւններ կտրելով կը հասնէր մինչեւ «տամուրցիներու թաղ»ը, ուր շատ հաւանաբար մեր տղաքը համազարկի բռնուած ըլլալով հանդերձ կը պահէին իրենց սառն ու քաջ սիրտերը եւ կ՚ապահովէին դէպի հերոսներու բոյն՝ «Արագած» թաղ տանող առաջին խրամատները։
Հոս արդէն մեծ պատմութիւնները, իրարմէ
կ՚անցնին, իրարմով կ՚ագուցուին ու մեր հերոսներու պատկերները մէկ առ մէկ կը կայմուին
մտքի եւ յիշողութեան մեծ պաստառին վրայ։
Իրաւամբ դիւրին չէ գրելը լիբանանեան պատերազմի ամենագորշ օրերուն մասին, որմէ անցանք եւ որուն տարբեր կայարաններուն մէջ պահ մը կանգ առինք պարզապէս ապրեցնելու համար կեանքի աւիշ-յոյսը, որ մեզմէ գողցան անոնք, որ Լիբանանը հրոյ ճարակ դարձուցին։
Գողցան այդ երազը, երբ Խանամիրեան գոլէճի մեր նախավերջին դասապահուն մեզ արագ-արագ հաւաքեցին դրին կառքերուն մէջ ու Անթիլիասի ճամբան բռնելով (յաճախ կրակոցներու տակ) մեզ տուն վերադարձուցին։
Այդ փուլը նախավերջին փուլն էր Պէյրութը հիւծած պատերազմին, երբ եղբայր համարուող քրիստոնեայ կողմերը իրար վրայ կրակ բացին ու աւերակ դարձուցին Լիբանանի ամենաշէնշող թաղերն ու ամառանոցները։
«Հարպ ալլ իլղա» («Ոչնչացնելու պատերազմ») կը կոչուէր այդ փուլը, որուն գլխաւոր դերակատարները՝ զօր. Միշէլ Աունն (այն օրերուն Լիբանանեան բանակի հրամանատար ու ապա նաեւ զինուորական- փոխանցման կառավարութեան վարչապետ) ու Սամիր Ժաաժաը, («Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութեան առաջնորդ) մինչեւ հիմա ալ կը շարունակեն մնալ երկրի քաղաքական հարթակի գլխաւոր դերակատարները։
Արդեօք ցաւ է՞ր լիբանանցիներուն համար, որ պատերազմի սկսելէն 46 երկար տարիներ անց, երկրի քաղաքական «էլիթա»ի գլխաւոր «խաղացողներ»ը կը շարունակեն մնալ նոյնը։
Հարցումը անշուշտ ուղղուած է բոլոր լիբանանցիներուն, որոնք ցայսօր ալ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ իրենց քաղաքացիական պատկանելիութեան, որ վերջին տարիներուն ալ քանի -քանի անգամներ գունաթափուեցաւ եւ ձեւափոխուեցաւ։
Գողցան ապրելու մեր երազը, երբ մեր հարազատները մեզմէ հեռու տարին ու անոնցմէ շատեր, ինչ-ինչ պատճառներով ստիպուած եղան լքել մեր բոլորին սիրելի Պէյրութը։
Գողցան մեր պատանեկութեան մեծ երազը, երբ ստիպեցին մեզ փակել մեր գիրք ու տետրակները եւ իջնել փողոց մտերիմի մը, ընկերոջ մը, պահակ երիտասարդի մը սպիտակ դագաղին ետեւէն քալելու։
Գողցան ի վերջոյ մեզմէ, մեր ամենաերջանիկ տարիները, մեր պատանեկութիւնը թալանուած դրախտ դարձուցին, մեզ դարձուցին կոշտ ու կատաղի, մեզ դարձուցին անակնկալ պայթումներէ, ահաբեկումներէ, մեծ կորուստներու կողքէն քալողներ ու ամենկարեւորը մեզի ըսին, որ պէտք է սորվիլ մէկ բան՝ «ապրիլ օրը օրին եւ առանց մեծ ակնկալութիւններու ....»
Հերթական դարձած այդ «գողութիւնները» համատարած էին, նոյն զգացումներով աճեցան մեր հասակակիցները ՝ մէկը Պէյրութի արեւտեան կողմերուն, միւսը հարաւի մէջ , Իսրայէլի անխնայ հարուածներուն տակ, եւ երրորդ մը երկրի հիւսիսային մայրաքաղաք՝ Թրիփոլիի ամրոցներուն կից, մահուան ու կորուստի մեծ պայքարներու կողքին։
Բոլորը ի վերջոյ զիրար ատեցին, բոլորը իրար վրայ կրակեցին, բոլորը զիրար սպաննեցին...
Կարծես մտադրուած էր ՝ «Կանաչ Լիբանան»ը արեան գետի վերածել ու զմայլիլ այն մեծ կորուստներուն համար, որոնց մասին ամբողջ աշխարհը խօսեցաւ։
Վկայարան դարձաւ Պէյրութը ու պատերազմի օրագրութիւնը ամէն օր մեզմէ աւելի աճեցաւ, մեզմէ աւելի հասակ առաւ, ու մեզ ալ կլանեց իր բարակ ու դաւադիր շղարշին ներքոյ։
Ճիշդ է, որ տեղ մը մեր հայկական ինքնութիւնը մեզ կարողացաւ ամէն վտանգէ հեռու պահել, բայց այնպէս չէր, որ մենք ալ չունեցանք մեծ կորուստներ։
«Հայը յարգուած է այս երկրին մէջ...», «Հայը մեր երկրի պարոնն է» ու նմանատիպ շատ մը վերագրումներ մեզ «կը պահէին» ու կը դառնային աղօթքի փոքր մատեաններ, ամէն անգամ, որ մենք կ՚անցնէինք դէպի Այնճար տանող անցարգելներէն, կամ նոյնիսկ Տորա-ն Պուրճ Համուտին կապող նեղլիկ անցքերէն։
Պատերազմը իր «երգ»ով մեզ ապրեցուց, մահուան ամենասեւ թաղանդներուն տակ անգամ մենք կեանքի առագաստներ յորինեցինք ու ապրեցանք այն երազով, որ մեր ուշացած արբունքի եւ չապրուած սիրոյ կաթիլները ջրեն այդ գեհէնի անապատը...
Առանց մտածելու աւազապարկեր լեցուցինք, փամփուշտ եւ կապար հաւաքեցինք, զէնք ու ասպար կապեցինք ու սպասեցինք, որ անպայման պիտի ապրինք մեր գալիքի օրը։
Պատերազմը անխնայ էր, պատերազմը իր երգով մեր ականջներուն մէջ կը սուլէր ու այդ պատերազմի ամենատխուր օրերուն մենք կորսնցուցինք մեր ամենաթանկ ընկերները։
Անոնք, որ գերադասեցին նուիրուիլ, անոնք, որ փրկեցին հարիւր կեանքեր, անոնք որ պահեցին մեր թաղերուն պատիւը ու անոնք, որ հաց ու ջուր հասցուցին ապաստարաններուն մէջ եղող մեր հարազատներուն։
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի էջերը կարմիր էջեր են, այդ էջերուն մէջ ալ կան կարմիրով գրուած անուններ։
Այդ անուններուն շատ- շատերը մեր դիմագիծը գծեցին ու մեզ ալ պատրաստեցին վաղուան պայքարներուն։
Այդ զոհերը մեզի համար եղան փարոսներ, որոնց լոյսը մինչեւ հիմա կը վառի ...
Չհարցուցին, մինչեւ հեռուները հասնող հրթիռներու տարողութեան մասին, չհարցուցին, որ ինչ պայմաններու տակ կ՚ընթանան անհաւասար կռիւները ու երբեք ալ չմտան հրէշային մանրամասնութիւններուն մէջ։
Իրենց համար գերխնդիրը հայու անունը պահելն էր, հայկական թաղն ու տունը պահելն էր, հայոց եկեղեցին ու հայոց խաչը պահելն էր ...
Գիտէին անշուշտ, որ Լիբանանը բզիկ- բզիկ ընող շրջանային մեծ խաղացողները ինչ շահեր կը հետապնդեն,սակայն չընկրկեցան ու մնացին քաջ ու իրենց անունին ու պատնէշին տէր։
Ու հիմա այդ հրէշաւոր պատերազմի 46-րդ տարելիցի նախատօնակին հարկ է անգամ մըն ալ յիշատակել այդ օրերու եւ բոլոր օրերու մեր նահատակները։
Յարգանք ձեզ՝ հերոս ընկերներ։
Սագօ Արեան