image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան՝ Վ. Աթաբէկեան այցելած է Արտաքին Գործոց նախարարին

Լիբանանի  մէջ ՀՀ դեսպան՝ Վ. Աթաբէկեան   այցելած է   Արտաքին Գործոց նախարարին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան  այցելած է  արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէի։

 

 Այս մասին «Արեւելք»   իմացաւ  Պէյրութի  «Ազդակ»էն։

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս գրած է, թէ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են  Հայաստան-Լիբանան միջպետական  բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակն ու այդ առումով նորագոյն իրադարձութիւնները։

Խօսակիցները շեշտած են  այս բոլոր հանգամանքներուն նկատառումով երկկողմանի խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը։