image

Լիբանանի մէջ. Դատախազներու «մեծ պատերազմ»

Լիբանանի մէջ. Դատախազներու «մեծ  պատերազմ»

 Վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին լիբանանցիք ոգի ի բռնին կը հետեւին դատական համակարգին մէջ ստեղծուած բարդութիւններու, որոնք ծնունդ առին յատկապէս Դատախազ Ղատա Աունի կողմէ «Մըքաթաֆ ֆինանսական կազմակերպութեան» հետ կապուած դատաիրաւական քննութեան մը սկսելուն հետ։

 Մանրամասնութիւններուն մէջ չերթալով հարկ համարենք  յիշեցնել, որ կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ առկայ անհամաձայնութիւնէն ետք երկրի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն հրապարակ հանեց «Թաֆթիշ քատաի»ի (դատական քննութիւն) օրակարգը, որուն հիմնական նպատակն էր ջուրի երես հանել անցեալ փուլերուն գործուած սխալները ու նաեւ դատի կանչել բոլոր անոնք, որոնք կապ ունեցած են դրամական մեծ մսխումներու ու նաեւ կաշառակերութեան մեծ դէպքերու հետ։

 Իրեն հաւատարիմ զանգուածին վստահելով նախագահ Աուն այդ կերպ կարողացաւ նոր օրակարգ մը լոյսին տալ ու նաեւ «խառնել» երկրի ճահճացած քաղաքական իրավիճակը։

 

 Այդ առաջարկէն պահ մը ետք դատախազ Ղատտա Աուն, որ կը համարուի յախուռն եւ նախագահին «վստահելի» եւ կուռ կեցուածքով դատախազ մը ընդառաջ գնաց այդ «առաջարկ»ին ու ինչպէս վերեւը նշեցի «պատերազմ» յայտարարեց կասկածելի գումարներու տէր հանդիսացող «Մըքաթթաֆ» ընկերութիւնը։

 

 Դէպքերը այնքան արագ զարգացան, որ նկատելի դարձաւ, որ Դատախազ Աունի պայքարին դէմ հրապարակ ելան այս անգամ վարչապետ Սաատ Հարիրիի աջակից դատաւորները գլխաւորութեամբ դատախազ ՝Աուայտաթի։

 

 Ներկայ պահու դրութեամբ բուռն պայքարի մէջ մտած Լիբանանի նախագահը անգամ մը եւս կը փորձէ առկայ կարծրատիպերը կոտրել ու նաեւ դատաիրաւական համակարգին մէջ մեծ ճեղք մը յառաջացնելով իրեն ի նպաստ միաւորներ կորզել։

 Այս դրութեան մէջ եղող լիբանանցիք ալ բաժնուած են երկու խումբերու, անոնց առաջին խումբը նախագահի կողքին եղողներն են, որոնց թիւը պատհառելի թիւ է, իսկ երկրորդ խումբը նախագահին դէմ եղողներու խումբն է, գլխաւորութեամբ Հարիրիի առաջնորդած «Ալ Մուսթաքպալ» (Սիւննիներու հոսանք) շարժումին։

 

 Մինչ Աունի համակիրները շատս աքթիւ են, ապա երկրորդ ճամբարի հետեւորդները հանրութեանը կը ներկայանան ինչ որ չափով նուազ աշխոյժ դիրքերով ու կեցուածքներով։

 

 Հորիզոնական մակարդակի շատ բուռն պայքար է, որ տեղի կունենայ, ու կարծես նախագահ Աունն ալ ստացած է ինչ որ «գաղտնաբառ» որուն հիմքով Հարիրի առաջուան նման չի վայելէր Ռիատի անմիջական նեցուկը։

 

 Այս ներքին պայքարներն անշուշտ ոչինչ պիտի տան ամէնօրեայ դրութեամբ սեւ հացի եւ ապրելու իրաւունքի համար պայքար տանող լիբանանցիներու մեծ հատուածին, որ ամէն օր կանգնած է ամբողջական սնանկացումի եւ սովի վտանգներուն առջեւ։

 Ինծի նաեւ կը թուի, որ նախագահ Աունին կողմէ առնուած այս քայլերուն դիմաց ինք Սաատ Հարիրի ունի ինչ որ կարեւոր խաղաքարտեր, որոնք երեւելի պիտի դառնան առաջիկայ փուլերուն։

 

 Բոլոր առումներով տեղի ունեցած դէպքերը նորութիւն մը չեն Լիբանանի ընդհանուր քաղաքական պրիսմակէն դիտուած մանաւանդ, որ ներքին լուծումներու մեծ հանրապատկերին համար տակաւին պարզ չէ, թէ երբ եւ ինչպէս պիտի երեւի Լիբանանի տագնապը մեղմացնել փորձող ԱՄՆ-Իրանեան «կանաչ լոյս»ը։