«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հիմնած ստրուկներու վաճառման իր շուկաները տեղափոխած է Թուրքիա, ուր առեւանգուած աղջիկները կը պահուին խմբաւորման անդամներու ընտանիքներուն մօտ, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական գործակալութիւնը:
Թուրքիոյ քաղաքներէն ահաբեկչական խմբաւորման անդամները բանակցութիւններ կը վարեն եզիտի ընտանիքներուն հետ, առաջարկելով տարիներէ ի վեր խոշտանգումներու եւ բռնաբարութիւններու ենթարկուած առեւանգուած աղջիկները հազարաւոր տոլարներու դիմաց իրենց ընտանիքներուն վերադարձնել:
Ըստ աղբիւրին, առեւանգուած եզիտի աղջիկներն ու մանուկները վաճառքի կը հանուին Անգարայի, Այնթապի եւ Ուրֆայի շուկաներուն մէջ:
«Սփութնիք»ի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, 18 նոյեմբերին երկու իրաքցի եզիտուհիներ ազատագրուած են, որոնց համար մօտ 30 հազար տոլար վճարուած է:
Նշենք, որ աւելի քան 5000 եզիտիներ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ ու երեխաներ էին, «Տահէշ»ի կողմէ տեղահանութեան ենթարկուելով բռնի իսլամացուած ու խոշտանգումներու ենթարկուած էին: