Սուրիոյ բանակը ծանր հարուածներ կու տայ Հալէպի շուրջ տեղակայուած ահաբեկչական խմբաւորումներու դիրքերուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Հալէպի մերձ եղող մասնաւորապէս Հանտարաթ, Հայ Սախուր եւ Քաֆար Համրա շրջանները կը դառնան Սուրիոյ բանակին հիմնական թիրախ: Ընթացող հրթիռարձակումները լսելի կ'ըլլան նեաւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ եւ ծանր որոտներու կողքին կը ցնցուին հայկական թաղամասերու շէնքերն ու կառոյցները: Մեր աղբիիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ բանակը իր առջեւ դրած է «Քասթէլո» անունով ճանչցուած մայրուղին ազատագրելու հարցը, ու այդպիսով ահաբեկիչ զինեալներու պարէնի հիմնական ցամաքային ճանապարհը վերջնականապէս պիտի անցնի Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ: Շատ հաւանական է, որ այդ շրջանի տիրապետումէն ետք հայկական շրջանները զերծ մնան, որպէս ընդդիմադիր ճանչցուած հրոսակներու հարուածներէն: