image

Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի մօտ

Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի մօտ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի եւ Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութեան, հոգեւոր զօրակցութեան եւ Ապու Տապիի եթովպական համայնքին եկեղեցական կարիքներուն վերաբերող հարցեր։

Ստորեւ Առաջնորդարանին տարածած հաղորդագրութիւնը՝ 

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2026-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ շրջանի Առաջնորդ Տիմիդրօս Եպիսկոպոսին։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ապու Տապիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալքըլըճեան։

Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը այցելութեան ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ տարիներ շարունակ ցուցաբերուած հոգեւոր խնամքին եւ զօրակցութեան համար, յատկապէս Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տրամադրութեան առնչութեամբ։ Պատուիրակութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ Ծոցի տարածաշրջանէն ներս Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած դժուարութիւններուն դիմաց Սրբազան Հօր ցուցաբերած մշտական զօրակցութեան համար։

Սրբազան Հայրը ողջունեց Եթովպիոյ Առաջնորդ Եպիսկոպոսը եւ անոր ընկերակցող եկեղեցական ու աշխարհական պատուիրակութեան անդամները։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, որ Ազգային Առաջնորդարանը զօրավիգ կը կանգնի Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ պիտի շարունակէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանալ Եթովպիոյ Եկեղեցւոյ եւ համայնքի հոգեւոր կարիքներու սպասարկման։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Ապու Տապիի մէջ Եթովպիոյ համայնքին համար եկեղեցւոյ կառուցման արտօնութեան հարցը, ինչպէս նաեւ Ապու Տապիի մէջ հաստատուած եթովպական համայնքին եկեղեցի տրամադրելու խնդիրը։