Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի Քաթարի միջնորդներու միջոցաւ ստացած է Միացեալ Նահանգներու պատասխանը՝ երկու կողմերուն միջեւ վստահութեան կառուցման եւ Հորմուզի նեղուցը բանալու վերաբերեալ Իրանի առաջարկած եօթնօրեայ ծրագիրին։
Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը՝ վկայակոչելով աղբիւրը։
Ըստ հրապարակման՝ Արաղքի Ուաշինկթընի պատասխանը Թեհրանի մէջ պիտի քննարկէ այսօր՝ Սեպտեմբեր 30-ին։
Reuters կը նշէ, որ աղբիւրին համաձայն՝ հիմնական տարակարծութիւնները կը վերաբերին Իրանի առաջարկած ծրագիրի շրջածիրէն ներս նախատեսուած քայլերու յաջորդականութեան։
Անցեալ շաբաթ Արաքչի յայտարարած էր, որ Թեհրան ամերիկեան կողմին փոխանցած է Հորմուզի նեղուցը բանալու եօթնօրեայ ծրագիր մը՝ ծովային շրջափակումը եւ նաւթի արտահանման սահմանափակումները վերացնելու դիմաց։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած էր այդ առաջարկը։
Այնուհետեւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Սեպտեմբեր 28-ին նշած էր, որ Իրանը միջնորդներէն վերջնական պատասխանի կը սպասէ՝ հակառակ Թրամփի յայտարարութեան։
Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առկայ հակամարտութեան հետեւանքով Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը գրեթէ կանգ առած է, որ պատճառ դարձած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ վառելիքի գիներու բարձրացման։
Հորմուզի նեղուցը նաւթի, նաւթամթերքի եւ հեղուկացուած բնական կազի համաշխարհային շուկաներ մատակարարումներու առանցքային երթուղիներէն մէկն է։